Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՓԵՔ-ի Մէջ Քարիւղի Պահանջարկի Նախատեսումը Կը Նկատեն Անորոշ

June 21, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քարիւղ արտահանող երկիրներու կազմակերպութիւնը` ՕՓԵՔ-ը իր անդամ երկիրներու 23 յունիսին Վիեննայի մէջ նախատեսուած հանդիպումին ընդառաջ իր ամէնամսեայ զեկուցումին մէջ ընդգծած է քարիւղի պահանջարկի մակարդակի նախատեսութիւններու անորոշութիւնը 2018-ի երկրորդ կիսուն համար: Այս մասին կը գրէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով ՕՓԵՔ-ի յունիսեան զեկուցումը:

«Թէեւ քարիւղի պահանջարկը Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի մէջ աճի ներուժ ցոյց կու տայ, գոյութիւն ունին վտանգի գործօններ, որոնք կրնան սահմանափակել այդ ներուժը ապագային, ներառեալ աշխարհի շարք մը մեծագոյն տնտեսութիւններու աճի կշռոյթի դանդաղեցումը, քաղաքական բարեփոխումներու առաւել ուժեղ ազդեցութիւնը գիներուն եւ շարունակական անցումը բնական կազի կիրարկման», կ՛ըսուի ՕՓԵՔ-ի զեկուցումին մէջ:

Միեւնոյն ժամանակ, կը նշուի, որ 2018-ի երկրորդ կիսուն քարիւղի շուկային մէջ առաջարկի զգալի աճ կ՛ակնկալուի այն երկիրներէն, որոնք ընդգրկուած չեն ՕՓԵՔ-ի կազմին մէջ:

Այս ցուցանիշը տարեկան դրութեամբ կրնայ աւելնալ 2 միլիոն տակառով: Աճի հիմնական պատճառը նախ եւ առաջ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու, ապա Քանատայի եւ Պրազիլի մէջ քարիւղի արտահանումը:

 

Նախորդը

«Լիբանանի Հետ Կը Գործենք` Ծառայելու Համար Աշխարհի Խաղաղութեան, Արդարութեան Եւ Երկխօսութեան» Նշեց Պապը Նախագահ Աունին Յղուած Նամակին Մէջ

Յաջորդը

Ըստ Եւրոպական Միութեան Գաղտնի Զեկուցումին. 2015-ին Անգարայի Մէջ Ահաբեկչութիւնը ՏԱՀԵՇ-ին Յանձնարարուած Է Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Կողմէ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.