Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «ՀՅԴ-ն Համաձայն Է Մանուէլ Գրիգորեանը Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Եւ Քրէական Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Միջնորդութիւններուն»

June 20, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովին մէջ պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ զայն ազատութենէ զրկելու համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ միջնորդագիրերու քննարկումի ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անունով ելոյթ ունեցաւ  խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը եւ նշեց, որ այսքան ժամանակ պատգամաւոր է, բազմաթիւ միջնորդութիւններ եղած են, որոնք քննարկուած են Ազգային ժողովին մէջ, բայց ասոր նմանը չէ եղած:

Ռուստամեանի համաձայն, ասիկա աննախադէպ է, եւ այն դէպքն է, որ փաստերը ճչացող են ու սահմռկեցուցիչ, եւ այս ամէն ինչի հետ կապուած ընդհանուր հասարակական արձագանգն ալ արդէն ակնյայտ է: «Ասիկա խայտառակութիւն է եւ սրբապղծութիւն», ըսաւ Ռուստամեան:

Ան ընդգծեց, որ պէտք է մտածեն` ինչպէս պէտք է վերացնեն անոր հետեւանքները: «Ասիկա է մեր հիմնական ընելիքը: Որ վերականգնենք մեր ազգային արժանապատուութիւնը, մեր ազատամարտի ձեռք բերած դարակազմիկ նուաճումները, եւ ոեւէ մէկուն թոյլ չտրուի այս ամէնը  օգտագործել ատիկա նսեմացնելու համար: Պէտք է մեր բոլոր խնդիրները ուղղուած ըլլան, որ բացայայտումները կատարուին կարելի եղածին չափ  արագ, լիարժէք եւ ամբողջական: Այս է, որ մենք պէտք է ակնկալենք այսօրուան արդարադատութենէն», ըսաւ ան: Ռուստամեանի համաձայն, բոլորս պէտք է նպաստենք, որ այդ բացայայտումները ըլլան սպառիչ բոլորին համար, որպէսզի այլեւս այսպիսի բան մեր պատմութեան մէջ բացառուի:

«Հարուածներ որեւէ ազգ եւ պետութիւն կը ստանայ, բայց որեւէ ազգի եւ պետութեան բարձր մակարդակը կը կայանայ ոտքի կանգնելու, սխալները սրբագրելու եւ յառաջ ընթանալու մէջ», ըսաւ ան:

Պատգամաւորը շեշտեց, որ ասիկա այն դէպքն է, որ չկան տարբեր ճամբարներ: «Բոլորս ալ կը հասկնանք հարցին լրջութիւնը եւ կը հասկնանք մեր պատասխանատուութիւնը: Բնականաբար, երկու միջնորդութիւններուն ալ ՀՅԴ-ն կողմ պիտի ըլլայ», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանի Նախագահը Հայաստան Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Համաձայնութիւն Տուաւ Մանուէլ Գրիգորեանը Ազատութենէ Զրկելու Միջնորդութեան. Դատարանը Բաւարարեց Զայն Կալանաւորելու Միջնորդութիւնը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.