Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիա Կը Դատապարտէ Թուրք-Ամերիկեան Քայլերը «Մընպեժէն Ետք Կարգը Պիտի Հասնի Միւս Վայրերուն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

June 20, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Մընպեժի մէջ գործողութիւններու սկիզբը թրքական դիւանագիտութեան վերջին յաղթանակներէն է:

Ըստ անոր, Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ պիտի պայքարի ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելու համար, եւ Մընպեժով այդ ամէնը պիտի չսահմանափակուի: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթը:

«Նախ` Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այլեւս ուժեղ է թէ՛ մարտի դաշտին մէջ, թէ՛ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Երկրորդը` Թուրքիան ապացուցեց, որ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի ցուցադրէ իր ուժը: Թուրքիան հաւատարիմ պիտի մնայ իր խոստումներուն, մենք մեր գլխուն վերեւ ահաբեկչական խմբաւորումներ չենք ուզեր. ըլլայ ՏԱՀԵՇ-ը, թէ քրտական ջոկատները: Մընպեժը մընպեժցիներուն է, անոնցը չէ, Մընպեժէն ետք կարգը նաեւ միւս վայրերուն պիտի գայ», ըսած է Չաւուշօղլու:

Մէկ օր առաջ սկսած էր Մընպեժի շուրջ թուրք-ամերիկեան համաձայնութեան գործադրութիւնը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները սկսած են հեռանալ Մընպեժէն` նշելով, որ իրենք ատիկա իրագործած են դիւանագիտութեան ճամբով:

«Մեր զինուորները սկսած են շրջիլ քաղաքի ծայրամասերուն մէջ: Շրջանը հանգրուանային ձեւով ամբողջովին պիտի մաքրենք ահաբեկիչներէ», ըսած էր ան:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին մէկ օր առաջ հաղորդեց, թէ ոչ միացեալ շրջուն ջոկատներ սկսած են շրջիլ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու Մընպեժի զինուորական խորհուրդի եւ «Եփրատի վահան-Սուրիական ազատ բանակ»-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն միջեւ գտնուող շփման գիծին մէջ: Ամերիկեան շրջուն ջոկատներ կը գտնուին շփման գիծին Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն կողմը, իսկ թրքական ուժեր` «Եփրատի վահան»-ի խմբաւորումներուն կողմը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց թրքական եւ ամերիկեան ուժերու Մընպեժ քաղաքի մերձակայք ներթափանցումը` զայն նկատելով Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան դէմ թրքական եւ ամերիկեան շարունակուող յարձակումին ծիրին մէջ քայլ մը:

Նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` դատապարտելու թրքական եւ ամերիկեան վարմունքը` զայն նկատելով ՄԱԿ-ի ուխտի սկզբունքներուն ու նպատակին բացայայտ ոտնահարում մը:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Հաւանութիւն Տուած Է Պիւտճէի` Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Նախատեսող Նախագիծին

Յաջորդը

Փայլան. «Պիտի Պայքարինք Հայ-Թրքական Սահմանին Բացման Համար»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.