Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Հաւանութիւն Տուած Է Պիւտճէի` Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Նախատեսող Նախագիծին

June 20, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրած է 2019-ի համար նախատեսուած պաշտպանութեան ոլորտի պիւտճէի նախագիծի իր տարբերակը, որով կը նախատեսուի պատժամիջոցներ սահմանել Թուրքիոյ դէմ` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ձեռք բերելու պարագային: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Կը նշուի, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ այդպիսի մեծ գործարքի իրականացումը փաստացիօրէն կը հակասէ 2017-ին որդեգրուած Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ մէջ ռուսական ազդեցութեան հակազդելու մասին օրէնքին:

«Նախագահը պէտք է բարեխղճօրէն կիրարկէ այս օրէնքը` գործի դնելով համապատասխան պատժամիջոցներ որեւէ ֆիզիքական կամ իրաւաբանական անձի դէմ, որ կապ ունի նման մեծ գործարքի հետ», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:

Պաշտպանութեան ոլորտի պիւտճէի տուեալ նախագիծը մէկն է այն երկուքէն, որոնք ներկայացուած են ամերիկացի օրէնսդիրներու քննարկման` համապատասխան որոշում տալու համար: Երկրորդ նախագիծը ստորին պալատի նախաձեռնութիւնն է եւ արդէն հաստատուած է տուեալ պալատին կողմէ:

Երկու նախագիծերը ի վերջոյ կը նախատեսուի միացնել եւ դնել վերջնական քուէարկութեան:

Յայտնի է, որ պիւտճէի նախագիծի` ստորին պալատի տարբերակին մէջ խօսքը ոչ թէ պատժամիջոցներու, այլ «Էս-400»-ի գնման պարագային Թուրքիոյ ամերիկեան զինատեսակներու մատակարարման հարցի մասին է:

2017-ին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ «Էս-400» համակարգերու գնման շուրջ կնքուած գործարքը Թուրքիոյ արժած է աւելի քան 2 միլիառ տոլար:

Թուրքիոյ վարչապետը քննադատեց ծերակոյտի որոշումը` զայն նկատելով «յուսախաբող եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան ոգիին հակասող»:

 

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատունը Կը Հաստատէ Ամերիկացի Ծերակուտականներու Մոսկուա Այցելել Պատրաստուելու Լուրը

Յաջորդը

Սուրիա Կը Դատապարտէ Թուրք-Ամերիկեան Քայլերը «Մընպեժէն Ետք Կարգը Պիտի Հասնի Միւս Վայրերուն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.