Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մամլոյ գրասենեակը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը կը հաստատէ, որ խումբ մը ամերիկացի ծերակուտականներ կը պատրաստուին այցելելու Մոսկուա` յոյս յայտնելով, որ այդ այցելութիւնը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ:
Ռուսական «Քոմմերսանթ»-ը, վկայակոչելով ամերիկեան աղբիւրը, հաղորդած էր, որ Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հանցմըն աշխատանք կը տանի ամերիկացի հանրապետական ծերակուտականներու` Մոսկուա կատարելիք այցելութեան ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ դեսպանը Թրամփի վարչակազմին մէջ այն քիչերէն է, որոնք կ՛աջակցին Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի գործակցութեան գաղափարին: Այցելութեամբ Մոսկուա կը պատրաստուին հասնիլ ծերակուտականներ Ռիչըրտ Շըպլի, Ճոն Նիլլի Քենետի եւ Ճոն Հուվեն:
Ծերակուտական Հուվենի համաձայն, Հանցմըն կ՛ուզէ, որ ամերիկացի գործիչները այցելեն Մոսկուա` «հասկնալու համար այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ»: Ան մատնանշած է, որ ներկայիս կը մշակուին նախատեսուող հանդիպման մանրամասնութիւնները:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի պատուիրակութիւններու Մոսկուա այցելութիւնները դադրեցուած էին 2016-ին` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններէն ետք բացուած «ռուսական գործ»-ին պատճառով:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ օրեր առաջ յայտարարած էր, որ մօտիկ ապագային կրնայ տեղի ունենալ իր եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Այս յայտարարութենէն ետք, Սպիտակ տան աղբիւրը յայտնած էր, որ Թրամփի խորհրդարանականները ոգեւորուած չեն Փութինի հետ հանդիպելու անոր ցանկութեամբ եւ կ՛անտեսեն հանդիպումը կազմակերպելու հրահանգները:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Մայք Փոմփէոյի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցը, Քորէական թերակղզիի հարցերու լուծման համար ջանքերու միաւորումը եւ «մօտիկ ապագային անոնց երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութիւններու ժամանակացոյցը»:



