Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Սերունդ»-ի 69 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն

June 18, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 15 յունիս 2018-ի երեկոյեան ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի մեծ ընտանիքին անդամները համախմբուած էին Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին առջեւ` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կերտողներուն, որոնցմէ ոմանց յոգնաբեկ աճիւնները կը հանգչին այդ պանթէոնին մէջ: Ասիկա նաեւ առիթ էր, որ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի զանազան կոմիտէութիւններէն, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն եւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան մասնաճիւղերէն 69 նորագիրներ միանան ՀՅԴ-ի շարքերուն` հաւատարիմ մնալով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ Սիմոն Վրացեանի, խորհրդարանի նախագահ Աւետիք Սահակեանի (Հայր Աւետիք), Շիրակի նահանգապետ Կարօ Սասունիի, Վահան Փափազեանի եւ սփիւռքի մէջ գործած, բայց ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականով ապրած դաշնակցական հոյլ մը երախտաւորներու ձգած կտակին:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով օրուան խորհուրդը ներկայացուց Վիգէն Աւագեան, որ այնուհետեւ հրաւիրեց նորագիրները ՀՅԴ պանթէոնին առջեւ կանգնելու: Ան նաեւ հրաւիրեց օրուան կնքահայրը` ուղղելու իր պատգամը:

Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ իր խօսքը ուղղելով նորագիրներուն ըսաւ, թէ անոնք ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն կ՛անդամակցին դժուար ժամանակներու մէջ, մանաւանդ երբ հայրենիքի մէջ համաժողովրդային շարժումի բերումով քաղաքական իրադրութիւնը փոխուած է:

Մկրտիչ Մկրտիչեան նշեց, որ նորագիրները դաշնակցականին եւ Դաշնակցութեան ո՛վ եւ ի՛նչ ըլլալը պիտի ճանչնան ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ: Դաշնակցութեան ծանօթանալու համար չի բաւեր մասնակցիլ դաստիարակչական ծրագիրներուն: Այդ ծանօթացումը աւելի լիարժէք կը դառնայ Դաշնակցութեան գործին մասնակցելու միջոցով: Այս պատճառով ալ այսօր ձեր երդումը կու տաք ՀՅԴ պանթէոնին առջեւ` ներշնչուելու համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտած սերունդի աւանդներէն:

Մկրտիչ Մկրտիչեան նորագիրներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան անդամակցելով անոնք ինքնաբերաբար հրաժարած կ՛ըլլան իրենց «ես»-էն եւ ազատութենէն մասէ մը, անոնք պարտին ամբողջութեամբ ենթակայ ըլլալ ՀՅԴ Կանոնագիրի տրամադրութիւններուն, որոնք կը շեշտեն հաւաքական աշխատանքի եւ որոշումներու հաւաքական իրագործման կարեւորութիւնը: Մկրտիչ Մկրտիչեան ընդգծեց, որ կազմակերպութիւնը ուժեղ գործիք է հաւաքականութեան երազներու իրագործման համար:

Աւարտին Մկրտիչ Մկրտիչեան ընդունեց 69 նորագիրներուն երդումը եւ զանոնք կոչեց «Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի սերունդ»:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Տաւիղ» Նուագախումբին Տարեկան Ելոյթը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.