Անգլիական «Պի. Պի. Սի.»-ն կատարած է ուսումնասիրութիւն մը նպատակ ունենալով կանխատեսել, թէ ո՞ր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը պիտի տիրանայ 2018-ի մոնտիալի տիտղոսին:
Ուսումնասիրութեան առաջին հանգրուանին, 32 մասնակցողներէն 24-ը դուրս մնացած են` նկատի ունենալով, որ մոնտիալի պատմութեան մէջ ախոյեան դարձած են վիճակահանութեան ընթացքին առաջին կողովին մէջ ընդգրկուած խումբերը: Այս սկզբունքով մնացած են հետեւեալ 8 խումբերը` Ֆրանսա, Գերմանիա, Պրազիլ, Փորթուգալ, Արժանթին, Պելճիքա, Լեհաստան եւ Ռուսիա:
Յաջորդ հանգրուանէն դուրս մնացած են Ռուսիա եւ Լեհաստան:
Նկատի ունենալով, որ եւրոպական երկիրներու մէջ տեղի ունեցած մոնտիալներուն յաղթած են միայն եւրոպական խումբերը, դուրս մնացած են նաեւ Պրազիլ եւ Արժանթին:
Այնուհետեւ Փորթուգալի եւ Ֆրանսայի դուրս մնալով աւարտականին հասած են Գերմանիա եւ Պելճիքա:
«Պի. Պի. Սի.» եզրափակած է, որ ախոյեան պիտի հանդիսանայ Պելճիքա:



