Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժամանակը Եկած Է Ընկերային Շուկայական Տնտեսութեան Կիրարկման

June 15, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագիրին, գաղափարաբանութեան հիմքին եւ ընկերային-տնտեսական առաջադրանքներուն համաձայն, ՀՅԴ-ն կը ձգտի ընկերային եւ տնտեսական արդարութեան հաստատման: ՀՅԴ-ն կը ձգտի հաստատել այնպիսի կացութաձեւ, ուր գոյութիւն կ՛ունենան տնտեսական աճ եւ մրցակցութիւն (միջին եւ փոքր ձեռնարկութիւնները մրցակցութեան դաշտ մղելով` անոնց համար կարելիութիւն ստեղծել մեծ ձեռնարկութիւններուն հետ մրցակցելու)` պսակուած ընկերային արդարութեամբ (պետական հսկողութեան հզօրացում` բարձր հարկեր հաստատելով մեծ ընկերութիւններուն վրայ):

ՀՅԴ-ն նախկին քոալիսիոն կառավարութեան համաձայնագիրի, Ազգային ժողովի 2017-ի ընտրութիւններու նախընտրական իր ծրագիրին եւ ներկայիս անցումային ժամանակաշրջանի ամէնէն կարեւոր կէտերէն մէկը նկատած է ընկերային շուկայական տնտեսութեան ձեւաւորումը` ազատ շուկայական տնտեսութեան փոխարէն: Ուսումնասիրելով ներկայիս Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ գործող բոլոր կուսակցութիւններուն ընկերային-տնտեսական ծրագիրները, պիտի նկատենք, որ բացի ՀՅԴ-էն` բոլորն ալ կը դաւանին տնտեսական ազատականութիւն, ուր կը գերիշխեն անհատապաշտ եւ շուկայամոլ հիմքերը, ուր աշխատաւոր ժողովուրդը կ՛արժեւորուի միայն շուկայի պահանջներով, ուր ընկերային իրաւունքները (առողջապահութիւն, կրթութիւն եւ այլն) շուկայացուած են, եւ ուր հասարակ քաղաքացին կ՛ենթարկուի մեծ ընկերութիւններու եւ շուկայի ցանկութիւններուն:

Ազատ շուկայական տնտեսութիւնը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ գործադրուեցաւ ՀՀՇ-ի իշխանութեան օրերուն, երբ լայնածաւալ սեփականաշնորհման ենթարկուեցան հանրային սեփականատիրութեան պատկանող ընկերութիւնները, գործարաններն ու հողերը, վերացուեցաւ պետական հսկողութիւնը անձնական սեփական ձեռնարկութիւններուն վրայէն. այսպիսով, միայն մեծ ընկերութիւններու սեփականատէրերը կրցան հարստանալ, իսկ պետութեան հսկողութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ տեղի չունեցաւ հարստութեան արդար վերաբաշխում, որ իր կարգին յառաջացուց աղքատութիւն եւ զրկուածութիւն: Այս կացութիւնը կը շարունակուի մինչեւ օրս` իբրեւ հետեւանք տնտեսական ազատականութեան դաւանող կուսակցութիւններու քաղաքականութիւններուն, որոնք կը մերժեն յանուն հասարակութեան զիջիլ իրենց ազատ շուկայական սկզբունքներէն:

«Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին կողմէ լոյս տեսած վերլուծական հետազօտութիւններուն, ՀՅԴ-ի 2017-ի նախընտրական ծրագիրին եւ աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակի կատարած գործերուն մէջ ընթերցողները նկատած պէտք է ըլլան ընկերային արդարութեամբ առաջնորդուած ՀՅԴ-ի հակամենաշնորհային կեցուածքը, արդար մրցակցութիւնը ջատագովելու սկզբունքը, փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններու քաջալերանքը, արժանապատիւ վարձատրութեան եւ ընկերութեան բարեկեցութեան սկզբունքներուն վրայ շեշտադրումը:

Ի վերջոյ, ընկերային շուկայական տնտեսութիւնը լոկ նշանաբան չէ, անիկա այն համակարգն է, որ Գերմանիոյ մէջ տնտեսական հրաշք գործեց` պատերազմէն մոխիր դարձած երկիրը վերածելով ընկերային ապահովագրութեամբ, առողջապահութեամբ, թոշակառութեամբ, բարձր տնտեսական աճի արձանագրութեամբ եւ զարգացած ճարտարարուեստի բնագաւառին մէջ առաջին դիրքեր գրաւող պետութիւններէն մէկը:

Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ գտնուող բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները, որոնք շահագրգռուած են հակամենաշնորհային պայքար մղելու հարցով, պէտք է լրջօրէն քննարկեն եւ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց տնտեսական ազատականութիւնը, եթէ իրաւ կ՛ուզեն անսալ ժողովուրդի պահանջներուն, ինչպէս նաեւ պէտք է զիջին իրենց ծայրայեղ շուկայական կեցուածքներէն` յօգուտ հասարակութեան մեծամասնութեան շահերուն, ապա համագործակցին ՀՅԴ-ի հետ` իրականացնելու համար ընկերային շուկայական տնտեսութիւնը:

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Կիրակնօրեայ Դպրոցին. «Հաւատք Եւ Մշակոյթ» Խորագրեալ Ամավերջի Հանդէս

Յաջորդը

100 Կիներ. Կին Ղեկավարները Կրնա՞ն Բարելաւել Կիներու Կեանքը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.