Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Անտրէ-Սփայթ Մկրտչեան շատ հաւանաբար տեղափոխուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող Տենվըր Նակեթցին:
Ան յաջողութեամբ անցուցած է Փրի-Տրաֆթ-ուորք-աութ-ը:
Նշենք, որ վերջերս Մկրտչեան ճանչցուեցաւ իբրեւ Նորթըրն Քոլորատօ համալսարանին տարուան լաւագոյն պասքեթպոլիստը:
Ան յոյս յայտնեց, որ շուտով կը միանայ Նակեթցի եւ ելոյթ կ՛ունենայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն:



