Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 12 յունիսին հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն:
Արժեւորելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաքելութիւնը` նախարար Մնացականեան կարեւոր նկատած է այցելութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա կարելիութիւն կ՛ընձեռէ անմիջական առաջին հաղորդակցութիւնը հաստատել Հայաստանի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է Հայաստանի մօտեցումները եւ դիրքորոշումը լուծման հոլովոյթին նկատմամբ` շեշտելով, որ Հայաստան հաւատարիմ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ արցախեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման:
Համանախագահները իրենց կարգին ներկայացուցած են հիմնահարցի լուծման ջանքերուն մէջ իրենց փորձառութիւնն ու մօտեցումները:
Զրուցակիցները հանգամանալից կերպով միտքեր փոխանակած են Արցախի տագնապի լուծման շուրջ, անդրադարձած են բանակցային հոլովոյթի յառաջմղման հնարաւորութիւններուն` այդ ծիրին մէջ կարեւորելով խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորումը:
Անդրադառնալով մէկ օր առաջ շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բանակի զինուորի սպանութեան` նախարար Մնացականեան շեշտած է, որ այդպիսի սադրանքներով ազրպէյճանական կողմը լրջօրէն կասկածի տակ կը դնէ իր յանձնառութիւնը` խաղաղ հոլովոյթին առնչութեամբ:
Քննարկուած են եռանախագահներու ձեւաչափի ճամբով իրականացուելիք հետագայ քայլերը:



