Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Պրազիլի ազգային խումբը 3-0 արդիւնքով յաղթեց Աւստրիոյ: Այդ երեք կոլերէն մէկը նշանակեց Նէյմար:
Իր նշանակած այդ կոլին շնորհիւ, Նէյմար հաւասարեցաւ Ռոմարիոյի հաստատած մրցանիշին, երբ իր կատարած 85-րդ մրցումին Պրազիլի հետ նշանակեց իր 55-րդ կոլը:
Ռոմարիօ նոյնքան կոլ նշանակած էր 70 մրցումի ընթացքին:
Յայտնենք, որ Պրազիլի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբաձիգն է Փելէ (77 կոլ` 92 մրցումի ընթացքին), ապա` Ռոնալտօ (62 կոլ` 98 մրցումի ընթացին):
2018-ի մոնտիալին 26 տարեկան Նէյմար կարիքը ունի 7 կոլի` հաւասարելու համար Ռոնալտոյին:



