Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՛չ Թրքականին…

June 12, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏԻԿ

Այո՛, բոլորս միակամ միանանք մեր պատանեկան միութիւններուն ու բարձրաձայն յայտարարենք` «Ո՛Չ ԹՐՔԱԿԱՆԻՆ…»:

Մեծ ուրախութեամբ եւ նոյնիսկ յուզումով լսեցի լիբանանեան լուրերու շարքին, որ Լիբանան կ՛արգիլէ թրքական արտադրութիւններու մուտքը երկիր, մասնաւորապէս` ուտեստեղէններու, տուրմ եւ պիսքուիի տեսակներ, նոյնիսկ ձաւար եւ անշուշտ` հագուստեղէն… Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ անորակ արտադրութիւնները վնաս հասցուցած են լիբանանեան մեր արտադրութիւններուն ու վնաս պատճառած` ճարտարարուեստին եւ տնտեսութեան:

Շա՛տ ապրին Լիբանանը, ողջմիտ տնտեսագէտներն ու իրատես նախարարները:

Վերջերս յօդուած մը գրած էի «Ամօթն ու անամօթը» վերնագրով, որ չհրատարակուեցաւ հաւանաբար մեր երեսփոխանական ընտրութիւններու շրջանին զուգադիպելուն համար, երբ հրատարակութեան նախապատուութիւնը կը տրուէր այդ հրատապ հարցին:

Ողջ մնայ մեր կառավարութիւնը, որ իմ առջեւ  դռները լայն բացաւ բարձրաձայն յայտարարելու, որ մենք իբր լիբանանահայեր եւ, անշուշտ, իբրեւ օրէնքին հնազանդ ազգայիններ` մեր վաճառատուներուն մէջ պիտի չվաճառենք թրքական արտադրութիւններ` չքաջալերելու համար այդ ստոր երկրին անորակ արտադրութիւններն ու տնտեսութիւնը, այդ մեծ ամօթ եւ աններելին է մանաւանդ մեզի` հայերուս համար, նոյնպէս` փակել դռները այն հայերուն գովաբանութիւններուն առջեւ, որոնք կը գովաբանեն ու կը քաջալերեն արիւն բուրող թրքական արտադրութիւնները:

Մենք հպարտօրէն տօնեցինք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակը` Սարդարապատի անհաւասար կռուի մեր հրաշք յաղթանակով պսակուած, որ ծնունդ տուաւ հայ պետականութեան, իսկ ոճրագործ Թուրքիան տակաւին կը շարունակէ ուրանալ իր մեծ ոճիրը… Մերժենք ամէն ինչ, որ թրքական է, մանաւանդ չհետեւինք թրքական հեռատեսիլի գարշահոտ յայտագիրներուն, որոնք կ՛ապականեն մեր տուները, ուր մենք կոչուած ենք հայկական ոգիով դաստիարակել մեր զաւակները` զանոնք ուղղելով դէպի այն, ինչ որ հայկական է` այսպիսով մաքուր պահելով մեր հայաբնակ թաղերուն մթնոլորտը:

Բոլորս միանանք մեր պատանիներուն եւ միաձայն կոչենք` «Ապրի՛ Լիբանանը, միշտ մերժենք թրքականը»:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

Յաջորդը

Յակոբ Պարոնեան (1843-1891). Հայու Երգիծական Հանճարին Նահապետն Ու Անհասանելի Գագաթը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.