Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գերմանիան Այլեւս Չի Կրնար Լռել Միացեալ Նահանգներու Հետ Տարակարծութիւններու Մասին» Կ՛ըսէ Մաաս

June 11, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս յայտնած է, որ Գերմանիան այլեւս չի կրնար լռել Միացեալ Նահանգներու հետ տարակարծութիւններու մասին: Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է «Սիւտէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

«Մենք սովոր էինք, որ կրնանք ապաւինիլ գոյութիւն ունեցող համաձայնութիւններուն: Իրավիճակը արմատապէս փոխուած է», ըսած է Մաաս` աւելցնելով, որ Եւրոպայի սահմաններէն դուրս Ամերիկան կը մնայ Գերմանիոյ ամէնէն մօտը եղող գործընկերը:

«Սակայն կան տարակարծութիւններ, որոնց մասին մենք այլեւս չենք կրնար լռել: Այսպէս, օրինակ, Ուաշինկթընի դուրս գալը կլիմայի վերաբերեալ համաձայնագիրէն, Իրանի հետ հիւլէական ծրագիրէն, ինչպէս նաեւ մաքսատուրքերը միակողմանի որոշումներ են, որոնք կը վնասեն Եւրոպային», ընդգծած է նախարարը:

Մաաս նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գիտակցաբար դիմած է այս քայլերուն, եւ աւելցուցած է, որ անոր գործունէութիւնը վեր կը դասէ Միացեալ Նահանգները այլ երկիրներէն, ինչ որ «աւելի անվտանգ կամ հանգիստ չի դարձներ աշխարհը»:

Մաաս եւրոպական պետութիւններուն աւելի սերտ համագործակցութեան կոչ ուղղած է եւ ողջունած եւրոպական անվտանգութեան խորհուրդ ստեղծելու գաղափարը, որուն հեղինակը Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերն է եւ անոր ֆրանսացի գործընկեր Ժան-Մարք Էրոն, եւ այդ գաղափարը ողջունած է նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը:

«Նոր լուծումները կը յայտնուին գործընկերներ փնտռելու ժամանակ: Աւելի արդիւնաւէտ եւ արագ գործելու համար մեզի փոփոխութիւններ պէտք են», ըսած է ան:

Նախորդը

Թուրքիոյ Նախագահութեան Կին Թեկնածուն Կը Խոստանայ Աւելի Կարծր Քաղաքականութիւն Վարել Կիպրոսի Հիմնախնդիրին Մէջ

Յաջորդը

Փաքիստան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Ռուսիոյ Հետ Բնական Կազի Խողովակաշարի Կառուցման Համաձայնագիր Կնքելու

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.