Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց 2017-2018 տարեշրջանին կարեւոր նուաճումներ արձանագրած` Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեան Ահտի պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ահտի նախագահ Թամիմ Սլէյման: Անոր կ՛ընկերակցէին ակումբի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ասի, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, մարզիչներն ու մարզիկները:
Խորհրդարանի նախագահը, շնորհաւորելով ակումբին արձանագրած իրագործումները, անոր մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ, թէ՛ տեղական եւ թէ՛ արաբական մակարդակներու վրայ:
Պըրրի կարեւորութեամբ շեշտեց այն իրողութիւնը, որ մարզական ոգին իրարու կը միացնէ բոլորը եւ ոչ թէ կը հեռացնէ զանոնք:



