Պրազիլցի ֆութպոլի անցեալի աստղերէն Փելէ քննադատեց Պրազիլի ազգային խումբը եւ տարակոյս յայտնեց, որ Թիթէի գլխաւորած կազմը կրնայ տիրանալ աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին:
«Ես կը վստահիմ Թիթէին, սակայն զիս նեղացնողը այն է, որ 2018-ի մոնտիալի ազդանշանէն հազիւ հինգ օր առաջ չունինք համապատասխան խումբ: Անհատապէս բոլոր խաղացողներն ալ լաւ են, բայց մենք խումբ չենք: Նէյմար աշխարհի լաւագոյն մարզիկներէն կը նկատուի, բայց ան առանձինը չի կրնար տիտղոսին տիրանալ: Ամբողջական խումբ մըն է, որ կրնայ տիրանալ տիտղոսի մը», կ՛ըսէ Փելէ:
Յայտնենք, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն Պրազիլի մրցակիցներն են Զուիցերիա, Սերպիա եւ Քոսթա Ռիքա:



