Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տուած է վերջնական որոշում եւ կ՛ուզէ հեռանալ արքայական ակումբէն, կը հաղորդէ միջազգային մամուլը:
Սակայն այլ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ ան շատ հաւանաբար մնայ իր խումբին հետ, եթէ իր ուզած գումարը գանձէ:
Կը նշուի, որ մայրաքաղաքի ակումբը կը պատրաստուի 33 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկել տարեկան 30 միլիոն աշխատավարձ: Սակայն ֆութպոլիստը կը պահանջէ 40 միլիոն եւրօ:
Սակայն այնպէս կը թուի, որ այդ պահանջը արքայական ակումբին պատասխանատուներուն համար ընդունելի չէ:
Ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենը պատրաստ է անոր վճարելու 45 միլիոն եւրօ:
Այժմ Ռոնալտօ կը գանձէ 21 միլիոն եւրօ, եւ Ռէալի հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2021-ին:



