Չելսիի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ շատ հաւանաբար նշանակուի Ռէալ Մատրիտի նոր գլխաւոր մարզիչ, կը յայտնէ «Մարքա» օրաթերթը` շեշտելով, որ ան բոլոր տուեալները ունի յաջորդելու Զինետին Զիտանին:
Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբը ամէն գնով կ՛աշխատի իրեն համար մարզիչ ունենալ 48 տարեկան իտալացին, որ սակայն տակաւին մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը եւս ունի կնքուած անգլիական ակումբին հետ:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Չելսի ոչ մէկ արգելք կը տեսնէ, որ Քոնթէ հեռանայ խումբէն:



