Երէկ` ուրբաթ, 8 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ հովանաւորութեամբ Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու:
Մրցանակաբաշխութեան մասնակցեցան հետեւեալ վարժարանները` Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, Ազգային միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Թէքէեան վարժարան:
Խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ երկրորդ անգամ ըլլալով հաւաքուած ենք կատարելու մրցանակաբաշխութիւնը «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» 2017-2018 տարեշրջանի մրցանքին: Ան արագ ակնարկով մը ներկայացուց մրցանքի հոլովոյթը եւ նշեց, որ մենք իրերայաջորդ տարիներ այս մրցանքը կազմակերպեցինք խմբային դրութեամբ. դասարաններ հաւաքուեցան եւ խմբային աշխատանքով նիւթի մը շուրջ պատրաստեցին գիրք` իր գեղարուեստական ձեւաւորումով, գծագրութիւններով եւ բովանդակութեամբ: Անկէ ետք որոշեցինք մղել հայ աշակերտը, որ ինք առանձին այս աշխատանքին լծուի: Անցնող առաջին մրցանքին մենք ունեցանք պատկառելի թիւով աշակերտներ, որոնք հայկական տարբեր վարժարաններէ` 8-11-րդ դասարաններէն մասնակից դարձան այս ձեռնարկին: Բայց այս տարուան թիւը գերազանցեց նախկին մրցանքի մասնակցողներուն թիւը: Տարեշրջանի սկիզբէն մինչեւ աւարտը Լիբանանի մէջ միջդպրոցական շարադրութեան, գծագրութեան, ընթերցանութեան, զարգացման բաւական մեծ թիւով մրցանքներ կը կազմակերպուին, եւ այդ մրցանքները մեր աշակերտներուն քով կը ստեղծեն խանդավառութիւն եւ նաեւ քիչ մը աւելիով զիրենք կը մօտեցնեն հայկական արժէքներուն, հայկական հոգեմտաւոր ընդհանուր ներաշխարհին: Այս մէկը քիչ մը աւելի ճիգ կը պահանջէ:
Յ. Հաւաթեան ըսաւ, թէ այս տարի մրցանքին մասնակցեցան 47 աշակերտներ, որոնց մէջ ի յառաջագունէ կ՛ըսենք, դատական կազմի գնահատումով նաեւ, որ կայ իրենց ուսուցիչներուն կողմէ խորհրդատուական հովանաւորութեան կարեւոր աշխատանքը: Ոչ մէկ ատեն դատական կազմի իսկ գնահատումով աշակերտներուն թռիչքները, ներաշխարհը, արտայայտելու ձեւը կաշկանդում կրած է, պարզապէս կաղապարի մէջ մտած է հայերէնը: Այս մրցանքին Հայ աւետարանական քոլեճէն մասնակցած է 4 աշակերտ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն` 11 աշակերտ, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանէն` 1 աշակերտ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն` 5 աշակերտ, Ազգային միացեալ վարժարանէն` 19 աշակերտ, Թէքէեան վարժարանէն` 6 աշակերտ: Այս մրցանքին ընդհանուր պարունակը, խորհուրդը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակն էր, եւ բոլոր պատմուածքները պէտք է կրէին այս ընդհանուր նիւթին ազդեցութիւնը, սակայն կային աշակերտներ, որոնք շօշափած էին այլ նիւթեր, եւ դատական կազմը, գնահատելով աշխատանքները, չուզեց զանոնք զանց առնել, անոնք ալ ներառեց մրցանքի մասնակիցներու ցանկին մէջ, որպէսզի արդար ըլլանք, ունեցանք երեք մրցանակ` առաջին, երկրորդ, երրորդ, եւ մէկ հատ պատուոյ յիշատակութիւն: Հաւաթեան յայտնեց, որ դատական կազմը կը բաղկանայ հինգ անձերէ. Լիբանանէն Սօսէ Ճինպաշեանը, Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանը, Ամերիկայէն Հրաչ Սեփեթճեանը, Քանատայէն Վիգէն Թիւֆէնքճեանը եւ Հայաստանէն Արքմենիկ Նիկողոսեանը: Արժեւորումը 10-ի վրայ էր. 5 նիշ կը տրուէր բովանդակութեան, 3 նիշ` խորքայնութեան եւ մտքի արժեւորման եւ 2 նիշ` լեզուին:
Գիրքերը կը հետաքրքրեն ո՛չ միայն պատանիները, այլ կը կարդացուին նաեւ հասուն մարդոց կողմէ: Գիրքերու նկարիչները լիբանանահայ երիտասարդ նկարիչներ են` Յովիկ Գըլնճիպաշեան, Ժիրայր Փանոսեան, Գրիգոր Արփաճեան եւ Նաթալի Խաչատուրեան, որոնք նկարազարդեցին չորս գրքոյկները. գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարեց Մեղրի Շամմասեան: Իր խօսքի աւարտին Հաւաթեան ըսաւ, թէ յառաջիկայ տարեշրջանին դարձեալ հայ գիրքին հետ հանդիպելու ի՜նչ գեղեցիկ առիթ պիտի ստեղծենք` վստահելով մեր հովանաւորներուն, մեր տնօրէններուն, մեր ուսուցիչներուն եւ միշտ հասկնալով` թէկուզ աշակերտները կը ծանրաբեռնուին, բայց երբ հայկական վարժարանէն դուրս կու գան, գոնէ տեղ մը հայկական արժէքին մասնակից դառնալու հոգեկան բերկրանքը ապրած կ՛ըլլան:
Ապա Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու ձեռամբ մրցանքին մասնակից աշակերտները ստացան հաստատագիրներ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Առաջին մրցանակին արժանացաւ Ազգային միացեալ վարժարանէն Սիրական Հապիպի «Օր մը` արքայից արքային հետ» գիրքը, երկրորդ մրցանակին արժանացաւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն Ռիթա Մարտիրոսեանի «Հրաշք երկիր» գիրքը, երրորդ մրցանակին արժանացաւ Թէքէեան վարժարանէն Յակոբ Պէքարեանի «Տասը հաշուէ… եւ ժպտէ՛» գիրքը, իսկ պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ Ազգային միացեալ վարժարանէն Փաթիլ Եագուպեանի «Կակաչը եւ թիթեռնիկը» գիրքը:
Ձեռնարկի աւարտին մրցանակակիր աշակերտները իրենց գիրքերը մակագրեցին ներկաներուն:






