Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարին Հետ Քորէական Պատերազմին Վերջ Տուող Համաձայնագիր Մը Կրնայ Ստորագրուիլ» Կ՛ըսէ Թրամփ

June 9, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ակնարկեց 12 յունիսին Սինկափուրի մէջ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ նախատեսուած հանդիպումին ընթացքին քորէական պատերազմին վերջ տուող համաձայնագիրի մը ստորագրութեան կարելիութեան:

«Շատ աղէկ, ատիկա կարելի է: Ինչպէս գիտէք, կրնանք ստորագրել համաձայնագիր մը, որ կրնայ առաջին քայլ մը ըլլալ: Սակայն այո՛, ատիկա քննարկենք եւ բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններու հետ կը խօսինք: Ասիկա հաւանաբար ամէնէն դիւրին բաժինն է: Կը մնայ ամէնէն դժուարը», ըսաւ Թրամփ` նշելով, որ կը փափաքի «օր մը Փիոնկիանկի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել»:

Ան նաեւ նշեց. «Քիմ Եոնկ Ընի հետ վեհաժողովը երթին աւարտը չէ, այլ բանակցութեան սկիզբը, որուն պիտի յաջորդեն այլ վեհաժողովներ»:

Թրամփ յայտնեց, որ տակաւին Հիւսիսային Քորէայի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնելու որոշում չէ տուած` աւելցնելով. «Փիոնկիանկի կողմէ հիւլէական ծրագիրէն ամբողջովին հրաժարիլը բանակցելի չէ»:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, թէ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը իրեն յայտնած է, թէ իր երկիրը պատրաստ է իր հիւլէական զէնքերէն ձերբազատուելու:

«Քիմ անձնապէս ինծի ըսաւ, թէ պատրաստ է ձերբազատուելու հիւլէական զէնքէն, եւ թէ կը գիտակցի, որ ներկայ կացութիւնը անյաջող է», ըսաւ Փոմփէօ` նշելով. «Քիմ նաեւ կը գիտակցի, որ հարցը պէտք է մեծ ու համարձակ ըլլայ, եւ պէտք է մեծ փոփոխութիւններ յառաջացնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնենք»:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի` Հիւսիսային Քորէայի մէջ մարդկային իրաւանց հարցով զեկուցաբեր Թոմաս Քուինթանա Փիոնկիանկին կոչ ուղղեց «12 յուլիսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի միջեւ նախատեսուած վեհաժողովին ընդառաջ ազատ արձակելու քաղաքական բանտարկեալները»:

Ըստ անոր, Հիւսիսային Քորէայի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու թիւը յստակ չէ, սակայն կրնայ աւելի քան 80 հազար ըլլալ:

 

Նախորդը

Աւստրիոյ Իշխանութիւնները Փակած Են Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Վայելող 7 Մզկիթ Եւ 70 Իմամներ Երկրէն Վտարած

Յաջորդը

«Թուրքիան Կրնայ Նոյն Ատեն Հարուածել Իրաքեան Երեք Շրջան» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.