Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու քննադատած է Եւրոպայի երկիրները, որոնք, անոր կարծիքով, «սկսած են մոռնալ Խրիմի մասին», եւ դարձեալ յայտարարած, որ Անգարան չի ճանչնար թերակղզիի կցումը Ռուսիոյ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին:
«Մենք չենք մոռցած Խրիմը եւ երբեք պիտի չմոռնանք զայն, անոր կցումը չենք ճանչցած եւ պիտի չճանչնանք… Եւրոպայի որոշ երկիրներ սկսած են մոռնալ Խրիմը: Մենք անոնց կը յիշեցնենք. եթէ դուք այսօր մոռնաք Խրիմը, եւ եթէ վաղը Ուքրանիոյ հետ որեւէ բան տեղի ունենայ, ապա դուք պատասխանատուութիւն պիտի կրէք ատոր համար», յայտարարած է Չաւուշօղլու` ելոյթ ունենալով Անգարայի մէջ Խրիմի թաթարներու մշակոյթի եւ օժանդակութեան ընկերակցութեան անդամներուն առջեւ:
Ան խոստացաւ, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ Խրիմի հարցը արծարծել Եւրոպական խորհուրդի եւ ԵԱՀԿ-ի նման միջազգային հարթակներու վրայ:
«Ուքրանիան Թուրքիոյ համար ռազմավարական գործընկեր կը նկատուի եւ Սեւ ծովու ու Արեւելեան Եւրոպայի շրջաններուն համար հիմնական կարեւորութիւն ունեցող երկիր մը», ըսաւ ան:
Չաւուշօղլու ողջունեց ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան կարեւորութիւն ընծայելու ծիրին մէջ Ուքրանիոյ կատարած բարեփոխումները:



