Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Կրնայ Նոյն Ատեն Հարուածել Իրաքեան Երեք Շրջան» Կ՛ըսէ Էրտողան

June 9, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ իր երկիրը կրնայ նոյն ատեն հարուածել իրաքեան երեք շրջան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը:

Ըստ Էրտողանի, Իրաքի հիւսիսէն, ուր կը գործեն քիւրտ զինեալները, Թուրքիոյ լուրջ վտանգ կը սպառնայ, եւ իրենք պարտաւոր են լուծել այդ հարցը:

«Ի հարկէ, մենք հարցը պիտի քննարկենք Պաղտատի հետ: Եթէ Իրաքի իշխանութիւնները ըսեն, թէ` «մենք պիտի լուծենք այդ հարցը», շատ լաւ: Սակայն եթէ Պաղտատ ըսէ` «չենք կրնար», ապա մենք առանց ոեւէ մէկէն արտօնութիւն հայցելու Սինճարն ալ պիտի հարուածենք, Քանտիլն ալ (Կորդուաց լեռներ, «Ա.»): Եւ նոյնիսկ Մախմուրն ալ շատ կարեւոր է, առաջին անգամ կ՛ըսեմ: ՄԱԿ-ն ալ պէտք է լուծէ Մախմուրի հարցը, որովհետեւ այստեղ ահաբեկիչներ կը պատրաստեն», ըսած է Էրտողան:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ արդեօք այս հարցը երբեւէ քննարկա՞ծ է ՄԱԿ-ի հետ, Էրտողան պնդած է, որ Մախմուրի խնդիրին շուրջ իրենք զրուցած են ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղարին հետ:

«Հիմա ալ Անթոնիօ Կութիերեսի հետ պիտի խօսինք: Թող մէկը գայ այս հարցը լուծէ: Եթէ կը լուծէք` լուծեցէ՛ք, եթէ չլուծէք` մենք պիտի ընենք ինչ որ պէտք է»,  ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Թրքական Բանակը Սպառազինութիւն Կը Կուտակէ
Իրաքի Հետ Սահմանին Վրայ

Թրքական զինեալ ուժերը սպառազինութիւն եւ զօրք կը կուտակեն Իրաքի հետ սահմանին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեզոփոթամիաաժանսը» կայքը:

Կորճայք նահանգի Եիւքսեքովա շրջանին մէջ էջք կատարած են շարք մը բեռնատար զինուորական օդանաւեր: Աւելի ուշ նկատուած է սահմանամերձ Շեմտինլի շրջանին մօտ շուրջ քսան զրահապատ զինուորական մեքենաներու կուտակում:

Յիշեցնենք, որ վերջերս Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած էր, թէ թրքական զինեալ ուժերը որեւէ պահու կրնան գործողութեան սկսիլ Իրաքի հիւսիսային Կորդուաց լեռներու շրջանին մէջ` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ:

 

Նախորդը

«Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարին Հետ Քորէական Պատերազմին Վերջ Տուող Համաձայնագիր Մը Կրնայ Ստորագրուիլ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

Աւստրիա Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Հիւրընկալելու Թրամփ-Փութին Հանդիպում Մը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.