Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրօ (5-րդ) երէկ ապահովեց կիսաւարտական իր տոմսը` 3 ժամ 53 վայրկեան տեւած մրցումէ մը ետք 7-6, 5-7, 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթելէ ետք խրուաթ Մարին Սիլիչի (3-րդ):
Աւարտականին հասնելու համար ան պէտք է յաղթէ նաեւ թիւ 1 դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալին, որ 4-6, 6-3, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց Տիեկօ Շվարցմանի (Արժանթին, 11-րդ):
Աղջկանց աւարտականին իրարու դէմ պիտի մրցին թիւ 1 դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփ եւ 10-րդ դասուած ամերիկացի Սլոան Սթիվընս:
Հալեփ 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց 3-րդ դասուած սպանացի Կարպին Մուկուրուցայի:
Իսկ Սթիւընս իր յաղթանակը արձանագրեց իր ազգակիցին` Մետիսըն Քիզի դէմ (13-րդ), 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով:



