
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականի երրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, Քլիվլենտ Քաւալիրզի դաշտին վրայ, դարձեալ աւարտեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի յաղթանակով: Վերջինս 3-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` իր արձանագրած 110-102 արդիւնքով յաղթանակին շնորհիւ (28-29, 24-29, 31-23, 27-21):
Առաջին մրցումին Ուորիըրզ երկարաձգումէն ետք արձանագրած էր 124-114 արդիւնքով յաղթանակ մը, իսկ երկրորդին` 122-103 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Չորրորդ մրցումը երրորդին նման տեղի պիտի ունենայ Քլիվլենտի մէջ:
Երէկուան այս երրորդ մրցումին, թէեւ Քաւալիրզէն Լեպրոն Ճէյմս թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (33 կէտ, 10 ռիպաունտ, 11 էսիսթ), բայց ան չկրցաւ յաղթանակ մը ապահովել իր կազմին: Անոր խմբակից Քեւի Լովէ տապըլ – տապըլի հեղինակ դարձաւ (20 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Իսկ Ուորիըրզէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քեւին Տիւրանթ (43 կէտ, 13 ռիպաունտ):


