Լոնտոնեան Արսենալը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ զուիցերիացի յետսապահ Շթեֆան Լիխթայնըր միացաւ կազմին:
34 տարեկան յետսապահը Արսենալի միացաւ ազատ գործակատարի միջոցով` նկատի ունենալով, որ Եուվենթուսի հետ անոր պայմանագրութեան ժամկէտը վերջ գտած է:
Զուիցերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յետսապահը Եուվենթուսի հետ կատարած է աւելի քան 250 մրցում, մինչ ազգային խումբին շապիկը կրած է 99 անգամ:
Նշենք, որ ան «Քալչիօ»-ի 2017-2018 տարեշրջանին մասնակցեցաւ 27 մրցումի:
Արսենալի հետ ան պիտի կրէ թիւ 12 մարզաշապիկը:



