Արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնա տեղափոխուեցաւ քոլոմպիական հիւանդանոց մը: Ան պիտի ենթարկուի ծունկի վիրաբուժութեան:
«Տը Սան» յայտնեց, որ այս վիրաբուժութիւնը պիտի կատարէ բժիշկ Կերման Օչոա:
Նոյն այս բժիշկ Մարատոնան վիրաբուժութեան ենթարկած էր նաեւ 17 տարի առաջ:
Նշուեցաւ, որ այս վիրաբուժութեան պատճառը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Մարատոնայի գիրութիւնը:
Մարատոնա վերջերս նշանակուեցաւ Տինամօ Պրեսթի նախագահ:



