Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, ընկերութիւններու եւ դրամատուներու «քօ-լիկ»-ի պասքեթպոլի մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ բաւական մեծ հետաքրքրութեան մթնոլորտի մէջ:
Մրցաշարքին մասնակցող 16 խումբերը կը պայքարին ամէն գնով գրաւելու իրենց խմբակին առաջին դիրքը եւ ամէն գնով քառորդ աւարտականի տոմս մը ապահովելու:
Ստորեւ կու տանք արձանագրուած վերջին արդիւնքները.
Խուրի Հոմ – Ֆաթթալ` 66-57, «Էմ. Թի. Վի.» – Թաչ` 46-44, Տար-Իհթիմատ Մասրաֆի` 55-36, Իրաւաբաններու սենտիքա – «Այ. Թի. Ճի.»` 74-69, Ալֆա – Քաթթանէ` 61-50, Եանկ Սինա – Ղարղուր` 66-40:



