Չելսիի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթային նկատած են Միլանոյի մէջ (Իտալիա) իր գործակատարին` Ճիուզեփփէ Պոցցոյի եւ Եուվենթուսի թեքնիք տնօրէն Ֆապիօ Փարաթիչիի հետ, այս մասին կը հաղորդէ «Ֆութպոլ-իթալիա»-ն:
Ըստ աղբիւրին տեղեկութիւններուն, սպանացի 25 տարեկան յառաջապահը շատ հաւանաբար վերադառնայ Եուվենթուս, եթէ վերջինս համաձայնի փոխարէնը Չելսիի տալ իր արժանթինցի յառաջապահ Կոնզալօ Իկուայինը:
Անգլիոյ «Փրեմիեր-լիկ»-ի աւարտած ախոյեանութեան, Մորաթթա Չելսիի հետ իր կատարած 31 մրցումին ընթացքին նշանակեց 11 կոլ:



