Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նատին Լապաքէ Կը Ստանայ «Քան» Փառատօնի Դատական Անձնակազմի Մրցանակը

May 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանցի բեմադրիչ Նատին Լապաքէի «Քափըրնաում» ժապաւէնը «Քան»-ի շարժապատկերի 71-րդ միջազգային փառատօնին ընթացքին ստացաւ դատական անձնակազմի մրցանակը: Շարք մը լիբանանցի քաղաքական գործիչներ իրենց ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը յայտնեցին Լապաքէի արձանագրած նուաճումին առիթով:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորեց Նատին Լապաքէն, «Քափըրնաում» ժապաւէնի անձնակազմը այս յաղթանակին առիթով եւ նշեց, որ ամբողջ Լիբանանը կը հպարտանայ Լապաքէի իրագործումով:

Մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի Լիբանանին համար հպարտութիւն նկատեց Լապաքէի մրցանակը: Ան յայտնեց, որ վերջին անգամ 1991 թուականին լիբանանցի բեմադրիչ Մարուն Պաղտատի նուաճած էր դատական անձնակազմի մրցանակը «Քան»-ի փառատօնին: Ըստ Խուրիի, Նատին Լապաքէ «Քարամել» ժապաւէնով իր առաջին մասնակցութեամբ փաստեց, որ ինք կը պատկանի այն սերունդին, որ լիբանանեան շարժապատկերին պիտի վերադարձնէ իր դիրքը եւ իւրայատկութիւնը միջազգային փառատօներուն մէջ:

Նախկին նախագահ Միշել Սլէյման նշեց, որ այս տարի Լիբանանի շարժապատկերը կը ստանայ համաշխարհային մեծագոյն մրցանակներէն մէկը: Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Լապաքէին` Լիբանանի անունը բարձրացնելուն եւ մրցանակը նուաճելուն առիթով:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շնորհաւորեց Լապաքէն` Լիբանանը ներկայացնելու այս գեղեցիկ տեսքով, նշելով, որ ասիկա պատմական օր մըն է լիբանանեան շարժապատկերին համար:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քարամէ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Փաստեցին, Որ Սիւննիական Մենաշնորհ Գոյութիւն Չունի»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.