Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եըլտըրըմ Կ՛արձագանգէ Վարչապետ Փաշինեանի` Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն Վերաբերող Յայտարարութեան

May 12, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ արձագանգած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող յայտարարութեան:

Ըստ «Հապերթուրք»-ի, Եըլտըրըմ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ սկսելու պայման ներկայացուցած է:

Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 9 մայիսին Արցախ այցելութեան ծիրին մէջ յայտարարած էր. «Դուք գիտէք, որ նախապայմաններ կը դնէ Թուրքիան: Թուրքիոյ պահանջները անտրամաբանական են, քանի որ տրամաբանական չէ որեւէ երկրի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու համար երրորդ երկրի վերաբերեալ պայման ներկայացնել: Մենք կը մնանք մեր դիրքորոշման վրայ եւ պատրաստ ենք յարաբերութիւններ հաստատելու առանց նախապայմաններու: Միաժամանակ, հաւատարիմ կը մնանք Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման»: Ան աւելցուցած էր, որ միջազգային ճանաչումը ամէնէն աւելի կապուած է  ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, քան հայ-թրքական յարաբերութիւններուն:

Պատասխանելով Փաշինեանի յայտարարութեան` Եըլտըրըմ ըսած է. «Եկէք նախ տեսնենք` Հայաստան կը հրաժարի՞ Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամական վերաբերմունքէն, Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններուն վերաբերեալ սխալ դիրքորոշումէն ու նմանատիպ ամէն ինչէ: Կամ` եթէ կը փափաքի նոր էջ բանալ, մենք պէտք է բոլոր մանրամասնութիւնները տեսնենք, ապա, ըստ անոր, պատասխանենք: Մենք չենք ուզեր ոեւէ մէկուն, յատկապէս մեր դրացիներուն հետ հարցեր ունենալ: Եթէ կայ նման մօտեցում, բնականաբար, մեր երկրի շահերէն մեկնելով կը գնահատենք իրավիճակը»:

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Արցախը Ազրպէյճանի Անբաժանելի Մասն Է»

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Նոր Նախարարներ Նշանակուեցան

RelatedPosts

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի  Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց  «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը

October 6, 2026
Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի  Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք
Հայկական

Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք

October 6, 2026
Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.