Երէկ` ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն 9:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ շնորհաւորութիւններ ընդունեցին 6 մայիսին կայացած երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած եւ լիբանանահայութեան քուէներով ու վստահութեամբ երեսփոխան ընտրուած ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան ու Ալեքսանտր Մաթոսեան:
Երեք համայնքապետերը, դիւանագիտական եւ քաղաքապետական ներկայացուցիչներ, կրօնաւորներ, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, տարբեր կառոյցներու պատասխանատուներ եւ պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ անհատներ եկած էին իրենց գոհունակութիւնը յայտնելու, ինչպէս նաեւ բարեմաղթութիւններ ուղղելու երեք երեսփոխաններուն, որոնց կողքին շնորհաւորութիւններ ընդունեցին նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները:









