Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Դուրս Եկան Իրանի Հետ Կնքուած Համաձայնագիրէն Եւ Վերականգնեցին Պատժամիջոցները

May 9, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ակնկալուածին նման յայտարարեց, որ իր երկիրը դուրս կու գայ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ 2015-ին կնքուած համաձայնագիրէն` առարկելով, որ այս համաձայնագիրով կարելի չէ Իրանին արգիլել հիւլէական ռումբ ձեռք ձգել:

Թրամփ Սպիտակ տան մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ նաեւ պիտի ստորագրէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերականգնող փաստաթուղթ մը: «Իրանի դէմ խիստ պատժամիջոցները ամբողջութեամբ պիտի մտնեն ուժի մէջ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Յստակ փաստեր կան, թէ հիւլէական զէնք չարտադրելու իրանեան խոստումը սուտ է»:

«Այս համաձայնագիրին վրայ հիմնուելով չենք կրնար Իրանի արգիլել հիւլէական զէնքի տիրանալ», ըսաւ Թրամփ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Թրամփի որոշումը նկատեց «ճիշդ որոշում» մը: Մինչ այդ իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Կոլանի մէջ ապաստանարանները բացուած են:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի համաձայնագիրը ստորագրած բոլոր կողմերուն դիմելով ըսաւ. «Ոչ ոքի արտօնեցէք Իրանի հետ համաձայնագիրը քայքայել»` աւելցնելով. «Պիտի պահպանենք Իրանի հետ համաձայնագիրը, որովհետեւ դիւանագիտական կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկն է»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր կարգին իր երկրին, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ ցաւը յայտնեց Թրամփի որոշումին նկատմամբ:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի մեկնաբանելով Թրամփի որոշումը յայտնեց, թէ «Միացեալ Նահանգներ փաստեցին, որ խոստումները չեն յարգեր»` աւելցնելով, որ «5+1»-ը իր անդամներէն մէկը կորսնցուց:

«Եթէ համաձայնութիւնը թուղթի վրայ մելան է եւ մեր շահերը պիտի չերաշխաւորէ, մենք յստակ ուղի մը պիտի ունենանք եւ բոլոր կացութիւններուն պատրաստ ենք», ընդգծեց Իրանի նախագահը:

 

Նախորդը

Եըլտըրըմ. «Շրջանին Մէջ Թուրքիոյ Ղեկավարութեան Կարիքը Կայ»

Յաջորդը

«Իրանի Արտաքին Քաղաքականութեան Հիմքը Կառուցողական Յարաբերութիւններն Են Աշխարհի Հետ» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.