Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հակառակ Պայմաններուն. Շնորհիւ Լիբանանահայութեան

May 8, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարագոյրը իջաւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ, եւ արդէն իսկ ձեւաւորուած կարելի է սեպել նոր խորհրդարանը: Այն նորութիւնները, որ բերին այս ընտրութիւնները, հիմնական քանի մը ուղղութեան կը վերաբերէին, նաեւ հայկական առումով:

Նախ եւ առաջ անշուշտ նոր ընտրակարգը: Ընտրական նոր օրէնքի հիման վրայ ձեւաւորուած ընտրակարգը կարելի է ըսել, որ ժողովրդավար կարգերով կառավարուող երկիրներու մէջ եզակի է իր բովանդակութեամբ: Առաջին հայեացքով նմանատիպ է մեծամասնականի (կամ նախընտրութեան) եւ համամասնականի խառնուրդով գոյութիւն ունեցող ընտրակարգերուն: Հիմնական այլ բաղադրիչ մը սակայն հիմնովին կը խախտէ համամասնականի տրամաբանութիւնը եւ ատով իսկ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ ընտրութիւններու արդար հանգամանքը: Խօսքը ուղղակիօրէն կը վերաբերի համայնքայինին, ինչ որ նաեւ իւրայատուկ կը դարձնէ այս պարագային լիբանանեան օրէնքը: Այլապէս համամասնականի եւ նախընտրութեան քուէի խառնուրդով ընտրակարգերու կը հանդիպինք այլ երկիրներու մէջ եւս:

Առանց խորանալու ընտրական նոր օրէնքի մանրամասնութիւններուն մէջ, պէտք է հաստատել, որ եթէ օրէնսդիր ժողովի ձեւաւորման համար տեղ մը նկատի կ՛առնուի միջհամայնքային համակարգի իւրայատկութիւնները, նոյն օրէնքը կը հարուածէ համայնքի իրողական ներկայացուածութիւնը: Այսպէս է, որ յատկապէս համեմատաբար փոքրաթիւ համայնքներու պարագային, խորհրդարան կը հասնին ոչ անպայման համայնքին մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելողները: Հետեւաբար կը տուժէ այս պարագային նկատի առնուած առաջին առաջադրանքը` միջհամայնքային համակարգը, որովհետեւ այդ համախոհութեան պահպանման համար անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ համայնքի իրողական ներկայացուածութիւնը:

Հակառակ աննպաստ գերակշիռ այս պայմաններուն, լիբանանահայութիւնը յառաջընթաց արձանագրեց խորհրդարան հասցնելով 3 երեսփոխան, որոնք համայնքի իրողական ներկայացուցիչի հանգամանքը կը ստանան առաջադրման եղանակի եւ կողմի իրողութիւններով, եւ մանաւանդ հայկական ընտրազանգուածի մեծամասնութեան վստահութեան քուէն ստանալով:

Համամասնական ընտրակարգի փիլիսոփայութիւնը հիմնուած է կուսակցութիւններու դերի եւ անոնց ներկայացուցիչներու խորհրդարան հասցնելու առաջադրանքին վրայ: Նպատակը քաղաքական բանավէճի, քննարկումներու եւ քաղաքական-գաղափարական մօտեցումները խորհրդարան տեղափոխելն է: Հայկական իրականութեան մէջ այսօր հայ քաղաքական երկու կուսակցութիւնները այդ առիթէն զրկուած են: Այս նկատառումներով էր, որ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը ընտրարշաւի իւրաքանչիւր փուլին յայտարարեց, որ մեր նպատակն է, որ հայ քուէարկողը եթէ ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն պիտի չքուէարկէ, անպայման մասնակցի ընտրութիւններուն եւ իր քուէն տայ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու առաջադրած թեկնածուներուն:

Տակաւին հետեւութիւններ կ՛ըլլան այս ընտրակարգի հիման վրայ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքէն ընդգծելու համար, թէ ո՞ր համայնքները, քաղաքական կազմակերպութիւնները նկատելի ուժ, երեւոյթ եւ իրականութիւն ըլլալով հանդերձ այս ձեւով դուրս մնացին օրէնսդիր ժողովէն:

Հայ քաղաքական գործօնը յառաջընթաց արձանագրեց: Հակառակ պայմաններուն. շնորհիւ` Դաշնակցութեան կոչերուն ընդառաջած լիբանանահայութեան վստահութեան քուէներուն:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Պէտք Է Հունի Մէջ Դնենք Այն Վիթխարի Եռանդը, Որ Մեր Հասարակութիւնը Կուտակած Է Այս Օրերուն»

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեան ընտրուեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.