Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

November 18, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռոպըրթ Ուիթքինզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հըզպալլա իր զէնքը շատ վատ ձեւով կը գործածէ: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուող պայթումները ուղղակիօրէն կապուած են Սուրիոյ իրադարձութիւններուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա անակնկալ կերպով հիւանդանոց փոխադրուեցաւ:

ՄԱՆՍՈՒՐԻԷԻ մէջ ելեկտրականութեան բարձր լարման գիծեր զետեղելու հարցին առումով ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ իրենք կը գտնուին ուժանիւթի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի տրամադրութեան տակ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ նշեց, որ Արաբական լիկայի նախագահութիւնը ստանձնող պետութիւնները կը խախտեն Արաբական լիկային ուխտը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` պաշտպանելու համար կառավարութիւնը:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքական անձնաւորութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու Պէյրութի մարաթոնին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի, 27 նոյեմբերին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկացի պատասխանատուներէն, նշեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման առումով վարչապետ Միքաթիի յայտարարութիւնները պարզապէս խօսքեր են, որովհետեւ տակաւին դրական ոչ մէկ քայլ առնուած է այդ գծով:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ սուրիական «Տունիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք Համատ պըն Ժասեմի նման գործակալ եւ աւազակ ղեկավարներու դէմ յանդիման գալ չեն փափաքիր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը կ՛արգիլէ իրենց դերակատարութիւնը խորհրդարանին մէջ. ան աւելցուց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իրենց յարաբերութիւնը օր մը չէ խզուած:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վերածուած է կառավարութիւնը պաշտպանող պատնէշի մը:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ Արաբական լիկայի տուած որոշումը շրջանին մէջ ամերիկեան ծրագիրին գործադրութիւնն է:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք, որ կը գտնուի Աւստրալիա, յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական եւ տնտեսական կացութիւնը կայուն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ` դատապարտելով առաջնորդարանին մէջ կատարուած գողութիւնը: Ան շեշտեց, որ երկրին ապահովական կառոյցները պէտք է անպայման հետապնդեն այդ հարցը:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Շահհալ հաստատեց, որ ինք ստոյգ տեղեկութիւններ ունի, թէ Հըզպալլայի, Սուրիոյ եւ Իրանի դաշնակիցները Թրիփոլիի մէջ կը մարզուին ու կը զինուին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մտավախութիւնները` Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը բռնկումին իմաստով, անտեղի են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ համաշխարհային պատերազմ յայտարարուած է` աւելցնելով, որ հիմնական պահանջը Սուրիան Իրաքի նման տապալելն է:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Թրիփոլիի մէջ ողջոյնի արժանի է եւ ոչ ոք կը մերժէ անոր այցելութիւնը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ. ան խստիւ դատապարտեց առաջնորդարանին դէմ գործուած աւազակութիւնը` շեշտելով, որ դատական իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` բացայայտելու եւ պատժելու համար յանցագործները:

 

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ԱՊԱՏԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇԷՅԽ ՆԱՅԻՄ ՀԱՍԱՆԻ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։