Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ցնցոտիացումէն Դուրս Գալու Պահը

May 7, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի հանրածանօթ վիպագիր Ալիս Ուոքըր կարճ ու տպաւորիչ նախադասութեամբ մը կը նկարագրէ շահագործողին մտայնութիւնը.- «Իշխող ղեկավարութիւնը բաւական ժամանակ տրամադրած պէտք է ըլլայ` մեր վրայ ծիծաղելու համար» («Those in power must spend a lot of their time laughing at us»):

«Տը Քալըր Փըրփըլ» վէպի հեղինակ Ուոքըրի տուած օրինակը ցայտուն է, սակայն ո՛չ նոյնքան, որքան Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած ապրիլմէկեան մէկ կատակը:

Այո՛, Հայաստանի իշխող ղեկավարութիւնը դեռ ամիս մը առաջ նմանօրինակ կացութիւն մը ստեղծած ու մեծ ծիծաղ յառաջացուցած էր, երբ լրագրող մը Ազգային ժողովի նիստին պատգամաւորներուն հարցադրած էր, թէ ո՞րն է ամէնէն աւելի սրամիտ Ապրիլմէկեան կատակը: Ազգային ժողովի անդամներէն մէկը քմծիծաղով մը անվարան կատակած էր.- «Նիկոլ Փաշինեան պիտի ընտրուի Հայաստանի վարչապետ»: … Եւ իր շուրջիններն ալ, հասկնալով երազային եւ աներեւակայելի եղելութիւնը, իրենց կարգին ծիծաղած էին:

… Ամիս մը ետք ահաւասիկ, նոյնինքն ծիծաղողները ո՛չ միայն կատարուած իրողութեան մը առջեւ գտնուեցան, այլ նոյնիսկ իրենք որոշեցին, իրենց «փակ» գրասենեակներէն դուրս գալով ու պատուհանը բանալով` դիտել դուրսը եւ ընդառաջել այդ դուրսիններուն կամքին: Ի վերջոյ հասկցած էին, թէ զանգը հնչած էր օլիկարխիայի ստեղծած փտածութենէն, անարդարութենէն եւ ցնցոտիացումէն դուրս գալու:

Ճամբան դեռ շատ երկար է, այսուամենայնիւ կարելի է անհնարը հնարաւոր դարձնել: Եւ դեռ աւելի՛ն. այլ տարբերակ գոյութիւն չունի: Ժամանակը եկած է խոյս տալու եւ մէկդի դնելու անձնական, խմբային, խմբակային, սեղմ կուսակցական շահերը պետական, հանրային շահէն վեր դասելու գործելաձեւը:

Եւ այդ տարբերակի քաղաքական հիմքերը դրուած ու ծրագրուած են համակարգային փոփոխութիւններ նախանշող նոր սահմանադրութեամբ, որուն արդիւնքն է ստեղծուած համազգային պոռթկումն ու համախմբումը:

Այսպէս, ցնցոտիացումէն դուրս գալով, ժամանակն է նոր սկիզբ դնելու, նոր արիւն եւ աւիշ ներարկելու, կատարելու համար արմատական փոփոխութիւններ, ստեղծելու համար զանազան հնարաւորութիւններ եւ կառոյցներ:

Տեղին է նշել.- «Այո՛, յաճախ հնարաւոր է զանգուածային հետաքրքրութիւն յառաջացնել նման ամբոխավարական գործելակերպով, բայց աննաւ ու անղեկ նաւարկումները յետոյ փորձանք են դառնում ուղեւորների համար» («Դրօշակ»-ի խմբագրական, օգոստոս 2016)…: Սակայն, այս անգամ տարբեր է նաւարկումը, որ պիտի ըլլայ հաւաքաբար, միասնականութեամբ, թէ՛ ամբոխին եւ թէ՛ նաւավարին ամբողջական գործակցութեամբ:

Մինչ այդ, Կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ պատահածը պատմական է: Արդ, առանց կաթիլ մը արեան, առանց զէնքի գործածութեան, կարծրատիպերը ջարդուած են եւ մայիս 28-ի հարիւրամեակի սեմին, անկախութեան սերունդի թարմ, նոր եւ արդար սիրտեր կը բաբախեն:

04/05/2018

Լուսանկարը` ՏԱՐՕՆ ԹԻԹԻԶԵԱՆի (EVN Report)

Նախորդը

Լոյս Է Տեսել «Վէմ» Հանդէսի 2018 Թուականի Առաջին Համարը

Յաջորդը

Ի Վերջոյ, Սիրուն Գնացէք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.