Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

May 4, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մխիթարեան Վարժարանի Վաճառուելու Լուրը Անհիմն Է. 2018-2019 Տարեշրջանին Կը Սկսի Իր Վերամուտը Իր Նոր Եւ Ժամանակակից  Վարժարանին Մէջ` Ռաուտա

Վերջերս ընկերային կարգ մը ցանցերու վրայ յայտնաբերուած  որոշ հաղորդումներ կը հակասեն բացայայտ իրականութեան. հարցը առնչուած է Մխիթարեան միաբանութեան Պէյրութի նորաբաց վարժարանին հետ:

300-ամեայ մշակութային, հոգեւոր եւ կրթական հարուստ վաստակ ունեցող Մխիթարեան միաբանութիւնը, որ 2000 թուականին միախմբեց Վենետիկի եւ Վիեննայի իր զոյգ ճիւղերը, ամբողջական ու կատարեալ միութեամբ, կը ծանուցէ, թէ Լիբանանի մէջ ունի երեք կառոյցներ` Պիքֆայայի, Հազմիէի եւ Ռաուտայի մէջ:

Վերջին տարիներուն, Ռաուտայի Մխիթարեան դպրեվանքը տեղափոխուած է Պիքֆայայի ամարանոցի շէնքին մէջ` հոնկէ շարունակելու համար իր առաքելութիւնը:

Միւս կողմէ, Հազմիէի Մխիթարեան դպրոցը վերջին երկու տասնամեակներուն սկսած է արձանագրել դժուարութիւններ, որոնցմէ գլխաւորն է դպրոցին աշխարհագրական դիրքն ու այդ թաղամասի հայութեան թիւի նօսրացումը:

Քաջատեղեակ ենք, որ դպրոցի տնօրէնութիւնը տարիներ շարունակ ամէն ջանք ի գործ դրած է  դիմագրաւելու  տնտեսական դժուարութիւնները և  ապահովելու վարժարանին գոյատեւումը: Այս նպատակով, վարժարանի հողաշերտերէն բաժին մը` հասութաբեր վարձակալութեամբ, ապահովցուցած է կարօտեալ սաներու կրթաթոշակը: Բարիքի աղբիւր մը, որմէ օգտուած են մասնաւորաբար օտարազգի աշակերտները, որոնք ներկայիս կը կազմեն դպրոցին առաւելագոյն տոկոսը:

Ուստի, այս մտահոգութենէն մղուած եւ արմատական լուծում գտնելու դիտաւորութեամբ, միաբանութիւնը որոշում կայացուցած է վարժարանին դիրքը տեղափոխել Ռաուտայի աւելի հայահոծ շրջանը եւ հոն վերանորոգ դպրոցին մէջ շարունակել Մխիթարեան կրթադաստիարակչական  երկարամեայ աւանդը, նոր տնօրէնութեամբ ու անձնակազմով, տրամադրելով բարձրորակ ուսում, որակեալ կրթութիւն, եւ դառնալով 21-րդ դարու չափանիշներով օժտուած հայաշունչ դարբնոց:

Այսու պաշտօնապէս կը յայտարարենք Մխիթարեան վարժարանի մեծ ընտանիքին եւ ընդհանրապէս բոլոր անոնց, որոնք սէր ու յարգանք կը տածեն Մխիթարեան միաբանութեան եւ անոր կրթական առաքելութեան նկատմամբ,  ընդդէմ հրապարակ ելած բոլոր թիւր կարծիքներուն ու տարաձայնութիւններուն, որոնք կը գուժէին Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանին փակումը,   թէ նման վարկած մը ամբողջովին անհիմն է:

Մխիթարեան վարժարանը ո՛չ պիտի փակուի, ո՛չ ալ հողատարածքը վաճառքի է: Այդ տարաձայնութիւնը բոլորովին զուրկ  է ճշմարտութենէ:

Արդարեւ, միաբանութեան նշանակուած պապական պատուիրակին որոշումով, Մխիթարեան վարժարանի 2018-2019 կրթական տարեշրջանի վերամուտը պիտի կատարուի վերանորոգ դպրոցի շէնքին մէջ, որ կը գտնուի Ռաուտայի բարձունքին վրայ, բնութեան գիրկը եւ Սրբուհի Ռիթայի ուխտավայրին կից:

Դպրոցի ծրագիրին անմիջապէս պիտի յաջորդէ, 2018-ի վերջաւորութեան, հայկական ճարտարապետութեամբ նոր եկեղեցւոյ կառուցումը, որ հպարտառիթ երեւոյթ մը պիտի ըլլայ ո՛չ միայն մխիթարեանականներուն, այլ նաեւ համայն  լիբանանահայութեան:

Հետեւաբար, մեր միտումն է լուսարձակի տակ առնել ամբողջ իրականութիւնը, տեղի չտալով որեւէ թիւրիմացութեան եւ տարաձայնութեան, մաղթելով եւ խնդրելով բոլոր մխիթարեանականներէն եւ լիբանանահայ գաղութին բարիքը ցանկացող անհատներէն միանալ մեզի` ի հզօրութիւն հայ ազգին ու դպրոցին եւ ի պայծառութիւն հայ եկեղեցւոյ ու անոր հովանիին տակ գործող Մխիթարեան միաբանութեան:

Հ. ՄԵՍՐՈՊ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ
ՄեծաւորԼիբանանի Եւ Միջին Ա րեւելքի
Մխիթարեան Միաբանութեան

 

Նախորդը

Մայիս Մէկը Հայաստանի Մէջ. Համակարգային (Յեղա)փոփոխութիւնը Եւ Աշխատանքի (Մոռցուած) Դատը

Յաջորդը

ՀՅԴ Ընտրական Մեքենայի Հանդիպում

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.