Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յովհաննէս Պապախանեանի «Պատգամը»` Իսկական Պատգամ

April 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, կիրակի, 22 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Յովհաննէս Պապախանեան` «Պատգամ» մենաներկայացումով, ըստ Կարէն Խաչատրեանի (Խաչկար) նամակագրութիւններուն, բեմադրութեամբ` Մարի Մսըրեանի:

Ներկայիս լոսանճելըսաբնակ Պապախանեան ստանձնած է աւելի քան 190 դեր հայկական եւ ամերիկեան թատրոնի, շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի մէջ: Ելոյթներ ունեցած է իբրեւ երգիչ` տարբեր լեզուներով: Քանի մը մենաներկայացումներ կատարած է նաեւ անգլերէնով:

«Պատգամ»-ը մենաներկայացումը կ՛առնչուի Ցեղասպանութեան մթնոլորտին, ազգային եւ ընկերահոգեբանական ազդեցութիւններուն:

Նախքան մենաներկայացումը ցուցադրուեցաւ Ցեղասպանութեան նուիրուած կարճ տեսերիզ մը:

Մենաներկայացումը ունէր 4 հիմնական առանցքներ. առաջինը` հեղինակին մեծ հօր ապրած տառապանքը եւ անոր աչքին առջեւ կատարուած սահմռկեցուցիչ ոճիրները, երկրորդ` մեծ մօր զգացած տառապանքը, երրորդ` իր քրոջ պարագան, որ փոքր տարիքէն ականատես եղաւ արհաւիրքին ու սպաննուեցաւ 8 տարեկան հասակին` արիւնլուայ թողելով իր խորհրդանշական տիկնիկը, չորրորդը տարեկան դրութեամբ ամբողջ հայ ժողովուրդի երթն է դէպի Ծիծեռնակաբերդ: Այլ խօսքով, անցեալի եւ ներկայի զօդում եւ ամբողջութիւն մը: Մենաթատրոնին մէջ հանդիսատեսը տեսաւ նաեւ հեղինակին մեծ հայրը, որ ուխտագնացութիւն կատարեց դէպի բռնագրաւուած շրջանները` այցելելով Խարբերդ, ուր, վերադառնալով մանկութեան յուշերուն, կրկին անգամ ապրեցաւ վերոյիշեալ տառապանքները: Ուշագրաւ էր այն եղելութիւնը, որ հեղինակին մեծ հայրը միշտ լուռ մնացած է իր կեանքին ընթացքին եւ իր ունեցած բոլոր տառապանքները գրի առնելով պահած է գիրքերու մէջ, որպէսզի ոեւէ մէկը իր յուշերը կարդալով ցաւ չզգայ: Անոր մահանալէն վերջ է, որ իմացած են, թէ ինչպիսի՛ տառապանքներ ապրած է ծերունին:

Յովհաննէս Պապախանեանի բացառիկ խաղարկութեամբ «Պատգամը» առիթ ընծայեց հանդիսատեսին վերանորոգելու իր ուխտը եւ անոր հետ կիսելու մեր ազգային տագնապը եւ պայքարի ոգին:

Ցեղասպանութենէն վերապրողներէն փոխանցուած նմանօրինակ բազմաթիւ յուշեր եւ դրուագներ գոյութիւն ունին իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի մէջ: Մենք` իբրեւ նոր սերունդի զաւակներ պէտք է իրազեկ ըլլանք Ցեղասպանութեան առնչուող պատմական իրողութիւններուն, որքան ալ ազդեցիկ եւ յուզիչ ըլլան անոնք եւ միշտ ապրինք, պայքարինք ու շարունակենք մեր պահանջատիրութեան երթը:

 

Նախորդը

Փոլ Այանեան Կոչ Կ՛ուղղէ Լուծելու Երթեւեկի Խճողումին Հարցը

Յաջորդը

Սուրիոյ Նախագահը Ընդունեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.