Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 42 Կէտի Տարբերութեամբ Մեծ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Սաժէսի Դէմ

April 23, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Այսօր Երկրորդ Մրցումը`
Ղազիրի Մէջ
PROFOTO

Շաբաթ, 21 ապրիլին, ՀՄԸՄ-Սաժես բացման մրցումով սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի  ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումները:

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն ներկայութեան, ՀՄԸՄ տպաւորիչ յաղթանակով մը` 42 կէտի տարբերութեամբ պարտութեան մատնեց իր հիւրը` 121-79 արդիւնքով (29-22, 28-14, 28-21 եւ 36-22):

ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Սեմ Եանկ (29 կէտ, 11 ռիպաունտ), մինչ մնացեալ կէտերը նշանակեցին Վարանդ Գըլընճեան (4), Քարիմ Զէյնուն (12), Էլի Շամուն (6), Մաքրամ Պըն Ռամատան (11), Իսմայիլ Ահմետ (11), Քարամ Մըշրեֆ (13), Մարք Ապի Խըրըս (2), Ուոլթըր Հոճ (21) եւ Հայկ Կէօքճեան (12):

Սաժէսէսն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց` Աթեր Մաճոք, (19 կէտ, 13 ռիպաունտ), իսկ Տուայն Ճեքսըն նշանակեց 22 կէտ:

Սաժեսի երրորդ օտարականը` Ճէյ Եանկպլատ, առաջին քորթըրին աւարտէն առաջ վիրաւորուեցաւ եւ մրցումը կիսատ ձգեց: Ան ապա փոխադրուեցաւ հիւանդանոց` քննութիւններու ենթարկուելու համար:

Այստեղ փոքր մատնանշումով մը կարեւոր է նշել, որ ՀՄԸՄ ամէն առումով գերազանցեց իր մրցակիցը, բացի` կատարուած ֆաուլերուն առումով: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն երեքը` Պըն Ռամատան, Կէօքճեան եւ Հոճ, կատարեցին չորսական ֆաուլ: Ասիկա յառաջիկային պէտք է նուազի, այլապէս ատիկա  կրնայ խումբը մատնել  նեղ կացութեան:

Օրուան իրաւարարներէն էին` Ռապահ Նըժէյմ, Զիատ Թաննուս եւ Փոլ Սքայեմ:

Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 23 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 21:40-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ:

Ներկայիս հայեացքները պէտք է ուղղել երկրորդ յաղթանակին, որպէսզի ուրբաթ, 27 ապրիլին, դարձեալ կարելի ըլլայ արձանագրել յաղթանակ մը եւ հաստատ քայլերով ուղղուիլ դէպի աւարտական հանգրուան:

Ռիատի երէկ իր կարգին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ Պէյրութի վրայ` արձանագրելով 84-67 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ-Օֆ. Նիւ Օրլինզ Հանդիսացաւ Առաջին Խումբը, Որ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (23 Ապրիլ 2018)

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.