Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատասխանելով Մաքրոնին. Թրամփ Ամերիկեան Ուժերուն Սուրիայէն Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Հեռացումը Կ՛ուզէ

April 17, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրզ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չէ հրաժարած ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն կարելի եղածին չափ շուտ հեռացնելու իր մտադրութենէն:

Սպիտակ տան բանբերին համաձայն, «Միացեալ Նահանգներու առաքելութիւնը չփոխուեցաւ: Նախագահը յստակ ըսաւ, թէ ամերիկեան ուժերուն կարելի եղածին չափ շուտ վերադարձը կ՛ուզէ»:

Սանտըրզ նշեց, որ Ուաշինկթըն վճռակամ է կատարելապէս ջախջախելու ՏԱՀԵՇ-ը եւ անոր վերադարձը արգիլող պայմաններ ստեղծելու:

Ան անուղղակիօրէն կը պատասխանէր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի այն յայտարարութեան, թէ իր ամերիկացի պաշտօնակիցը համոզած է ամերիկեան ուժերը Սուրիոյ մէջ պահելու կարեւորութեան շուրջ:

Թրամփ 29 մարտին յայտարարած էր, թէ կ՛ուզէ ամերիկեան ուժերը հեռացնել Սուրիայէն եւ այլ կողմերուն ձգել այդ երկրին մէջ իրադարձութիւններով զբաղելու հարցը, սակայն աւելի ուշ յայտնած էր, որ ամերիկեան ուժերը տակաւին այդտեղ պիտի մնան:

Մաքրոն երէկ դարձեալ անդրադառնալով այս հարցին ըսաւ. «Ես չըսի, թէ Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները պիտի մնան Սուրիոյ մէջ»:

«Սպիտակ տունը իրաւացի է ՏԱՀԵՇ-ի բնաջնջումէն ետք Սուրիոյ մէջ իր առաքելութեան վերջ տալու հարցով», ըսաւ ան` շեշտելով. «Մարդասիրական միջազգային օրէնքի յարգումն ու Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումը այս տագնապին մէջ մեզի համար առաջնահերթութիւն են»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն յայտարարեց, թէ արեւմտեան երկիրներու ղեկավարները Սուրիոյ դէմ նոր հրթիռակոծման ծրագիր չունին, սակայն հաւանական տարբերակները պիտի քննարկեն, եթէ Դամասկոս դարձեալ քիմիական զէնք օգտագործէ:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Այսուհետեւ Կարելի Չէ Սուրիոյ Մէջ Առանց Թուրքիոյ Որեւէ Քայլ Կատարել»

Յաջորդը

«Սուրիոյ Հրթիռակոծումը Պատճառ Դարձաւ Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններուն Մէջ Ճեղքի Յառաջացման» Կ՛ըսէ Մաքրոն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.