Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պարսելոնա իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Վալենսիային, անպարտելի մնալու ծիրին մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց Սպանիոյ մէջ:
Քաթալոնական ակումբը, որ յաջորդաբար 39-րդ մրցումին պարտութիւն չկրեց, կտրեց Ռէալ Սոսետատի հաստատած մրցանիշը, որ 1980-ին 38 մրցումի ընթացքին պարտութիւն չկրեց (21 յաղթանակ, 17 հաւասարութիւն):
Պարսելոնա արձանագրեց 32 յաղթանակ եւ 7 հաւասարութիւն:
Լուիս Սուարեզ եւ Սամուէլ Ումթեթի նշանակեցին Պարսայի 2 կոլերը:



