Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Հրթիռակոծեց Սուրիոյ Թայֆուր Զինուորական Օդակայանը

April 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժէն «Էֆ-15» տիպի օդանաւեր Լիբանանի օդային տարածքէն յարձակում գործած են Հոմսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թայֆուր զինուորական օդակայանին դէմ` նշելով, որ օդակայանին մէջ կառավարուող 8 հրթիռներ արձակուած են:

3 հրթիռներ թիրախ դարձուցած են օդակայանի արեւմտեան բաժինը, եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող ռուս խորհրդականներու շարքին վնասներ չեն արձանագրուած: Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վնասազերծած են արձակուած 8 հրթիռներէն 5-ը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը նկատեցին «արտասովոր»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի կայքին հաստատեց. «Իսրայէլեան օդուժը վերսկսաւ Սուրիոյ մէջ իր գործունէութեան»:

Իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդի անդամ Եոաֆ Կալենթ իր կարգին յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ յստակ շահեր ունինք: Կարմիր գիծեր ճշդեցինք, եւ պիտի չարտօնենք Սուրիայէն Հըզպալլային զէնքի փոխադրում»:

Միւս կողմէ, Փենթակոն հերքեց, թէ յարձակումին հեղինակը Միացեալ Նահանգներն են` աւելցնելով. «Կացութեան մօտէն կը հետեւինք»: «Ուաշինկթընը կ՛աջակցի Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի կիրարկման համար պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու դիւանագիտական ջանքերուն», նշեց Փենթակոն:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը նշեց. «Սուրիական վարչակարգին պատկանող ռազմակայաններու դէմ ամերիկեան հարուածներու մասին խօսող տեղեկութիւնները ճիշդ չեն»: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաւանական նկատած էր, որ յարձակում գործողը Ուաշինկթընը ըլլայ:

Ֆրանսական բանակի բանբեր մը իր կարգին ԱՖՓ-ին յայտնեց, որ իր երկիրը «Հոմսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թայֆուր օդակայանը չռմբակոծեց»:

 

Նախորդը

Հայաստան Ամբողջութեամբ Անցաւ Խորհրդարանական Համակարգին. Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ստանձնեց Իր Լիազօրութիւնները

Յաջորդը

«Ամերիկեան Հարուածի Մը Պարագային Ռուսիան Դամասկոսի Նկատմամբ Յանձնառութիւններ Ունի» Կը Զգուշացնէ Լաւրով

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.