Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

April 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 5 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Արամ Ա. Կաթողիկոս նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պապին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գծով իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: Ապա վեհափառ հայրապետը հետեւեալ հարցերը յանձնեց պապին ազնիւ ուշադրութեան.-

1) Պայմաններու բերումով, եկեղեցիներ Գրիգորեան եւ Յուլեան տօնացոյցերու հետեւելով, Քրիստոսի յարութեան տօնը տարբեր թուականներու կը նշեն: Նկատի ունենալով, որ յիշեալ հարցը աստուածաբանական բնոյթ չունի, այլ միայն տոմարական է, անհրաժեշտ է, որ եկեղեցիներու միջեւ խորհրդակցաբար մէկ թուական ճշդուի` իբրեւ եկեղեցւոյ միութեան արտայայտութիւն: 2) Ներկայ ժամանակներու ընկերաբարոյական հարցերը սկսած են ներքին բաժանումներ յառաջացնել թէ՛ եկեղեցիներու մէջ, եւ թէ՛ եկեղեցիներու միջեւ: Անհրաժեշտ է, որ եկեղեցիներ առաջնահերթութիւն տան յիշեալ հարցերուն, քան անցեալէն ժառանգուած դաւանաբանական տարբերութիւններուն, որոնք փաստօրէն սկսած են դառնալ ժամանակավրէպ: 3) Միջկրօնական յարաբերութիւնը ընդհանրապէս, քրիստոնեայ-իսլամ կապը մասնաւորաբար, նաեւ` երկխօսութիւնը եւ գործակցութիւնը դարձած են հրամայական: Սպասելի է, որ բոլոր եկեղեցիները յատուկ կարեւորութիւն ընծայեն այս մարզին` միջեկեղեցական յարաբերութեան եւ աստուածաբանական երկխօսութեան ծիրին մէջ: 4) Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը սկսած է նուազիլ: Սպասելի է, որ Վատիկան յատուկ ուշադրութիւն ընծայէ շրջանին մէջ քրիստոնէական ներկայութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան:

Սրբազան քահանայապետը համաձայն գտնուեցաւ վեհափառ հայրապետին մատնանշած հարցերուն եւ յայտնեց, որ այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի Վատիկանի կողմէ`  նկատի ունենալով խնդրոյ առարկայ հարցերուն ներկայացուցած այժմէականութիւնը եւ կարեւորութիւնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Օշական արք. Չոլոյեան` առաջնորդ հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան թեմին, Գեղամ արք. Խաչերեան` առաջնորդ Յունաստանի հայոց թեմին եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան` տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ:

Նշենք, որ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ.  կաթողիկոսն ու Ֆրանչիսկոս պապը եւս ունեցան առանձնազրոյց մը:

Նախորդը

Փարիզի Մէջ. Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Տնտեսական Օժանդակութեան «Սետր»-ի Միջազգային Խորհրդաժողովը

Յաջորդը

Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Արձանի Օրհնութիւն Եւ Բացում Վատիկանի Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական.  44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. 44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

September 27, 2026
Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.