Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Արձանի Օրհնութիւն Եւ Բացում Վատիկանի Մէջ

April 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2018-ը յատկանշական օր մը եղաւ հայութեան համար` Վատիկանի մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի պաշտօնական բացումով, ներկայութեամբ պետական եւ հոգեւոր բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:

Զմմառեան ուխտի ժառանգաւոր Ժաք Քէշիշեան Հռոմէն հաղորդեց, որ  կէսօրուան ժամը 12:20-ին, նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս քահանայապետին, մասնակցութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, Վատիկանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Քիւրթ Քոխի, Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ զանազան երկիրներէ եկած հայ եւ օտար հիւրերու, Վատիկանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հայ փիլիսոփայ, աստուածաբան, բանաստեղծ եւ տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ Գրիգոր Նարեկացիի երկու մեթր հասակով արձանին բացումը:

Բացման արարողութիւնը սկսաւ Սուրբ Երրորդութեան անունով եւ Թարգմանչացի «Որք զարդարեցին տնօրինաբար» շարականով , զոր կատարեց Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի ժառանգաւորաց երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Արամ Սաատոյի: Ապա ընթերցումներ կատարուեցան Ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն եւ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գիրքէն: Ֆրանչիսկոս քահանայապետին օրհնութեան աղօթքին յաջորդեց արձանի քօղազերծումը` Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանի ձեռամբ: Արարողութեան ընթացքին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդէս եկաւ պաղատանքի աղօթքով, որուն յաջորդեց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին աղօթքը, որմէ ետք աղօթք բարձրացուց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Հուսկ, Տէրունական աղօթքով ու քահանայապետին միացած երեք հովուապետերու վերջին օրհնութեամբ արարողակարգը հասաւ իր լրումին:

Յիշեցնենք, որ պրոնզէ արձանը գործն է ֆրանսահայ ճարտարապետ Դաւիթ Երեւանցիի (Բաբայեան), իսկ ճարտարապետն է Միքայէլ Հասրաթեան, անիկա իրականութիւն դարձաւ Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանին եւ ռուսաստանաբնակ գործարար Արթուր Ջանիբեկեանի բարերարութեամբ, Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մշակոյթի բաժինի պատասխանատու Վարդան Կարապետեանի կազմակերպական ջանքերուն շնորհիւ: Դաւիթ Երեւանցի այս արձանի քանդակը կատարած է սրբազան քահանայապետի Հայաստան ուխտագնացութեան առիթով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի սրբազան քահանայապետին նուիրած նմուշին հիման վրայ: Արձանը ունի իր երկրորդ օրինակը, որ պիտի տեղադրուի Էջմիածնի կաթողիկոսարանին մէջ` իբրեւ «տիպար ու պատգամ երկու քոյր եկեղեցիներուն միջեւ եղբայրական կապի»:

Արձանի բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք երկու վեհափառ հայրապետները եւ հոգեւոր տէրը ճաշի հիւրը եղան պապին` իրենց պատուիրակութեան անդամներուն հետ, իսկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցան ի պատիւ նախագահ Սարգսեանին Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանին կազմակերպած ճաշկերոյթին:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Յաջորդը

Ընտրական Քրոնիկ. Առանցքներ

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.