Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Լարա Քեչեպաշեանի Երջանկութեան Բանաձեւը

March 30, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Մարզաշխարհի պատմութեան զարգացման ընթացքին գրանցուած են բազմաթիւ փոփոխութիւններ, հաստատուած են նորանոր կանոններ, յաղթանակի նոր չափանիշներ… սակայն ի սկզբանէ առկայ է մէկ ճշմարտութիւն` արհեստավարժ մարզիկը իր անսահման աշխատասիրութեան, ամուր կամքին եւ նպատակասլացութեան շնորհիւ շարունակ կը փորձէ յաղթահարել եւ իրագործել անկարելին:

1994-ին Պուրճ Համուտի մէջ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի մարզումներուն հետեւող 12-ամեայ Լարա Քեչեպաշեանի ուշադրութիւնը կը գրաւեն քովի սրահին մէջ կայացող սեղանի թենիսի փորձերը: Հրապուրուած աղջնակին կարելիութիւն կը տրուի շաբաթական երեք անգամ հետեւելու այդ մարզաձեւի փորձերուն: Ամիսներ անց, փայլուն տուեալներով օժտուած սկսնակը արժանանալով իր մարզիչներու վստահութեան, իրաւունք կը ստանայ մասնակցելու Լիբանանի ախոյեանութեան մրցաշարքին, ուր կը գրաւէ երրորդ հորիզոնականը: Առաջին յաջողութիւնը կը բարձրացնէ երիտասարդ մարզիկին ինքնավստահութիւնը` հաւատք ներշնչելով սեփական ուժերուն նկատմամբ: Ոգեւորութեան կը յաջորդէ արհեստավարժին յատուկ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը: Շաբաթական հինգ անգամ դարձած մարզումներուն ընթացքին անհրաժեշտ կ՛ըլլայ զօրացնել կեդրոնացումը, արագաշարժութիւնը, մարզել միտքը, մարմինը, հետեւիլ յատուկ սննդակարգի, ձեռք բերել յատկանիշներ, որոնք ուղի պիտի հարթեն դէպի մեծ ասպարէզ:

Լիբանանի բաժակի առաջնութեան պայքարին մէջ յաղթելով Ռուս մրցակիցին, Լարա Քեչեպաշեան իրաւունք կը ստանայ մտնելու երկրի Ազգային Խումբին մէջ:

Տուպայի մէջ կայացած Միջարաբական մրցաշարքին, Լիբանանի Ազգային խումբի փայլուն յաղթանակը աշխարհի դռները լայնօրէն կը բանայ  խիզախ հայուհիի գնդակին առջեւ:

Լարա Քէչեպաշեան ութ անգամ կը մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքերու, երկու անգամ ֆրանսախօս երկիրներու, երկու անգամ միջերկրականեան, երեք անգամ Ասիական առաջնութիւններու… Լիբանանի քայլերգը կը հնչէ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ` Ռուսիա, Իտալիա, Ճափոն, Քորէա, Թայլանտ, Չինաստան, Խրուաթիա, Սպանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իրան, Իրաք, Քուէյթ, Եգիպտոս, Յորդանան, Թունուզ, Ալճերիա, Նիկերիա, Քաթար, Տուպայ, Ապու Տապի, Յունաստան…

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահներ Էլիաս Հրաուի, Էմիլ Լահուտ, Միշել Սլէյման եւ Միշել Աուն տարբեր յաղթանակներու առիթով անձամբ կը պարգեւատրեն հայ մարզիկը:

Լարա Քեչեպաշեան մինչ օրս հրաւէրներ կը ստանայ տարբեր երկիրներու լրջագոյն մարզական կազմակերպութիւններէն, սակայն աննման Լիբանանի, հարազատ ՀՄԸՄ-ի, միութենական կեանքի եւ սիրելի մօր դիմաց կը խամրին բոլոր հրապուրիչ առաջարկները:

Շուրջ երկու տասնամեակ ՀՄԸՄ-ը կը մնայ իբրեւ սեղանի թենիսի Լիբանանի խմբային առաջնութեան ախոյեան:

Զուգախաղերուն ընթացքին, աշխարհին կողմէ ծափահարուած հայ մարզիկին պարբերաբար կ՛ընկերանան Լիզա Պարիքեան, Մարինա Սահակեան, Դուին Մումճօղլեան եւ Նոել Քէշիշեան:

Լարա Քեչեպաշեանի աշակերտներէն շատեր լուրջ յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն, իսկ Դուին եւ Աւօ Մումճօղլեաններ արդէն իսկ ողիմպիական խաղերու շէմին են:

Հայաստանի Հանրապետութեան սեղանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆելիքս Սարգսեան փորձի փոխանակման նպատակով քանիցս պաշտօնապէս հայրենիք հրաւիրած է անուանի մարզիկը:

Լարա Քեչեպաշեան Հայաստանի մէջ պարբերաբար մասնակցած է Համահայկական եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերուն:

Ներկայիս Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ մեծ թիւով աշակերտներու բախտ վիճակուած է բացառիկ վարպետի ցուցմունքներով հետեւելու իւրօրինակ այս մարզաձեւին:

«Երազանքս է Հայաստանի կողմէ հանդէս գալ փինկ-փոնկի միջազգային մրցումներուն, սակայն Լիբանանի Ազգային խումբին մէջ գտնուիլս կը սահմանափակէ այդ կարելիութիւնը». ափսոսանքով կ՛ըսէ մարզիկը, ապա առաւելագոյնս անկեղծանալով կ՛աւելցնէ. «Հայկական շրջանակները կը ճանչնան զիս: Ոմանք կը ժպտին, խոր յարգանքով կը մօտենան, հետս կը լուսանկարուին, ինքնագիր կը խնդրեն, ոմանք ալ քամահրանքով կը վերաբերին իմ ասպարէզիս: Ծափահարութիւններէն «գլխապտոյտ» չեմ ունենար, իսկ քամահրանքներէն չեմ նեղուիր: Ամէն մարդ ունի իր կեանքի ուղին, իր երջանկութեան բանաձեւը: Խորապէս սիրահարուած ըլլալով այս մարզաձեւին, մինչեւ այժմ ժամանակ չեմ ունեցած կերտելու անձնական երջանկութիւնս…

Եթէ մէկ օր չմարզուիմ, ինքս կը զգամ նահանջը, եթէ երկու օր` խաղընկերներս կը զգան, իսկ երրորդ օրը կը զգան մարզասէրները…

Նպատակս է աշակերտներուս մէջ սերմանել այն գիտակցութիւնը, թէ կեանքին մէջ ոչինչ կը տրուի առանց անդուլ, տքնաջան, տառապալից աշխատանքի, իսկ տառապանքը լուսաւոր նպատակի մը համար` գերագոյն հաճոյք է… Այս է երջանկութեան իմ բանաձեւս…»

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ  Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ

October 30, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ Իր 200-րդ  Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Իր 200-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

October 30, 2026
Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն.  Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ  Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի
Մարզական

Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն. Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.