Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանութիւնը` Յարուցեալին

March 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յիսուս մօտենալով խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ.
«Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկինքի ու երկրի մէջ…
ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհիս վերջը»:
Մատթ. 28.18

Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը այս տարի մեզ կը դիմաւորէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակով եւ այլ տօնական ամեակներով:  Ցեղասպանութենէ վերապրած մեր ազգին համար աննկարագրելի դժուարութիւններ կային գոյատեւման կապակցութեամբ, մանաւանդ` թրքական սպառնալիքին շարունակուող ազդեցութեամբ, սակայն մեր նախնիները ընտրեցին ո՛չ միայն շարունակել գոյութիւն մը, այլ` այդ գոյութեան աւելցուցին ազատ եւ անկախ զարգացումի ու ազգակերտումի որակ: Ծառացան այդ ազդեցութեան եւ սպառնալիքներուն դէմ եւ յաղթեցին: Ահա ա՛յդ որակը տօնելու հրաւիրուած ենք` բոլոր ժամանակներուն համար:

Ժամանակները կը փոխեն հաւաքականութիւններու թէ անհատներու հասկացողութիւնները եւ անոնց արտայայտման ձեւերը` ազատ եւ անկախ ըլլալու, զարգացումի կամ ազգակերտումի մասին աշխատելու, գոյութեան եւ անոր դէմ սպառնալիքի առնչութեամբ մտածելու եւ գործելու. սակայն որակի տուեալը պէտք է տեսնենք ժամանակներէն եւ իրականութիւններէն անդին…:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը մեզի կը հաղորդէ կեանքի շատ էական երեք որակ: Նախ, որ յոյս կայ, բոլորովին վերջնական թուող անել վիճակներէն անդին իսկ: Մահը, որուն վրայ յաղթանակ տարաւ Տէր Յիսուս, ամէնէն ուժեղ իրականութիւնն էր մարդուն համար. ահա այդ ամէնէն ուժեղը պարտուած է Յիսուսի յարութեամբ: Նոր յոյս կար Տէր Յիսուսի աշակերտներուն համար, որոնք Անոր մահով կորսնցուցած էին ամէն յոյս. յատկապէս սխալ նպատակները, որոնց մասին յայտարարութիւններ ըրած էին անոնցմէ ոմանք իշխանութեան փափաքներով` սրբագրելու առիթը չէր կորսուած: Իր յարութեամբ` Տէր Յիսուս իր աշակերտներուն եւ անոնց միջոցով մեզի կը հաղորդէ սխալէն դառնալու եւ ուրացումին համար իսկ զղջալով` ճշմարտութեան յարելու իրական առիթ, որակ:

Երկրորդը, Տէր Յիսուսի կեանքին եւ սորվեցուցածին շարունակականութեան որակն է:  Անոր աշակերտները պէտք չունէին ափսոսալու, որ իրենց Վարդապետը միայն որոշ ժամանակի մը համար առաջնորդ եւ ուսուցիչ եղաւ իրենց:  Անոր հրաշքները եւ իմաստուն խօսքերը, յանդիմանութիւնները եւ մարտահրաւէրները եւս պիտի շարունակուէին Անոր յարութիւն առնելովը եւ իրենց մօտ ըլլալովը: Եւ` անոնց վկայութեամբ եւ օրինակով, եկեղեցին մինչեւ այսօր կը յայտարարէ, թէ «… Մի Տէր Յիսուս Քրիստոս… ելեալ յերկինս նովին մարմնովն նստաւ ընդ աջմէ Հօր:  ալոց է նովին մարմնովն…»:

Երրորդ եւ էական որակը` Տէր Յիսուս Քրիստոսի` յետ Իր յարութեան իրական դարձած իշխանութեան որակն է:  Տէր Յիսուս իշխանութիւն արդէն ունէր դեւեր հանելու, հիւանդներ բժշկելու, սորվեցնելու եւ մեռածներ ողջնցնելու` Իր մահէն առաջ ալ:  Ան Ինք Իր մասին կ՛ըսէ, «Իշխանութիւն ունիմ զանիկա (Իր կեանքը) դնելու եւ իշխանութիւն ունիմ զանիկա նորէն առնելու» (Յովհ. 10.18):  Իսկ Իր կեանքը նորէն առնելով Ան իրա՛ւ իշխանութիւն ստացաւ Իր յարութեան կեանքը հաղորդելու Իրեն հաւատացողներուն:  Երբ կը համարձակինք Իրեն հաւատալ, յարուցեալ Փրկիչը Իր յարութեան յաղթանակին եւ որակին հաղորդ կը դարձնէ մեզ:  Ահա թէ ինչո՛վ Ինք մեզի հետ կ՛ըլլայ ամէն օր` մինչեւ աշխարհիս վերջը:

Ժամանակներուն մէջ` պատմութեան ժամանակին ընթացքին պատահածներուն տօները աննշանակ կը դառնան, եթէ անոնց որակային տուեալը մոռնանք:  Ուրեմն, մեր կեանքի յաւիտենական որակին համար` «Յիսուսի նայինք, մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»: (Եբր. 12.2)

Յաւիտենական որակին իշխանութիւնը Յարուցեալինն է:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի:

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԱՀԱԵ Միութեան

Ապրիլ 2018

Նախորդը

«Լիբանանցի Քաղաքացիին Քուէն Անոր Խիղճն Է, Որ Կարելի Չէ Գնել» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Զատկական Պատգամ. Քրիստոսի Յարութիւնը` Ամբողջական Ու Անհերքելի Յաղթանակն Է Մահուան Ու Չարին Վրայ

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.