Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յունաստան Իր Գերիշխանութիւնն Ու Հողերու Անվտանգութիւնը Պաշտպանելու Կարողութիւնը Ունի» Կ՛ընդգծէ Յունաստանի Վարչապետը

March 27, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամինոս իր երկրին ազգային օրուան ոգեկոչման ձեռնարկի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Զինեալ ուժերը պատրաստ են երկրին ազգային գերիշխանութեան ու շրջանային սահմաններուն դէմ որեւէ յարձակում դիմակայելու»` աւելցնելով. «Պիտի ճզմենք այդպիսի բան փորձողը»:

Քամինոս յայտնեց, որ քանի մը օր առաջ Թուրքիան նեղութիւն տուած է յունական զինուորական օդանաւի մը, երբ վերջինս Ռոտոս կղզիին վերեւ թրքական սահմանին մօտ թռիչք կը կատարէր, եւ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը մագլցում արձանագրած է, երբ յունական դատական իշխանութիւնները մերժած են Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք Յունաստան ապաստանած թուրք զինուորները արտայանձնել Թուրքիոյ:

Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս իր կարգին քննադատեց Թուրքիան` պահանջելով, որ «դադրեցնէ Եգէական ծովուն մէջ ապօրինի շարժումները եւ յարգէ միջազգային օրէնքը»:

«Յունաստանը իր գերիշխանական իրաւունքներն ու հողերուն անվտանգութիւնը պաշտպանելու կարողութիւնը ունի», ընդգծեց Յունաստանի վարչապետը:

«Յունական կառավարութիւնը իր առաւելագոյն ջանքը կը թափէ, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ արգելափակուած իր զինուորները կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնան իրենց հայրենիքը», ըսաւ ան:

Նշենք, որ վերջերս յոյն երկու զինուորներ սխալմամբ կտրած էին Յունաստան-Թուրքիա սահմանը եւ ձերբակալուած թուրք սահմանապահներուն կողմէ:

 

Նախորդը

Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութիւնը Կը Հերքէ Իր Ուժերը Ինճիրլիքէն Եւ Ատիտէն Հեռացնելու Լուրը

Յաջորդը

Եմէնէն Մեծաթիւ Թեւաւոր Հրթիռներ Արձակուած Են Սէուտական Արաբիոյ Վրայ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.