Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

November 16, 2011
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՂԶՈՒԱՆ, ԱՐՏԱՀԱՆ ԵՒ ՍԱՐԸՂԱՄԻՇ

Արտահանի բերդը

Հայկական հին եւ պատմական բնակավայրեր են Կաղզուան, Արտահան եւ Սարըղամիշ: Կաղզուան Արշարունեաց գաւառին գլխաւոր բնակավայրն էր եւ անուանի էր իր ամուր բերդով: Արտահան, իր անառիկ ամրոցով, առեւտրական կարեւոր հանգոյց եղած է: Իսկ Սարըղամիշ հարուստ է ուրարտական ժամանակներէն մնացած յիշատակարաններով եւ ռուսական տիրապետութեան ժամանակ զինուորական կարեւոր յենակէտի վերածուած էր:

ԿԱՂԶՈՒԱՆ

Կաղզուան, Այրարատեան նահանգին Արշարունեաց գաւառին մէջ, Կարսէն 75 քիլոմեթր հարաւ, Արաքս գետի աջ ափին, հին բնակավայր է:

Կաղզուանի քովէն կը հոսի Շատակ գետակը, եւ քաղաքը երկու կողմէն, ձորերու մէջէն հոսող ջուրերով եզերուած է: Քաղաքը կը գտնուի ձորամիջին, որ ծանօթ է Կաղզուանի ձոր անունով: Ամբողջ ձորը եւ քաղաքը գեղեցիկ այգիներով ու պարտէզներով շրջապատուած են:

Անցեալին, Կաղզուան ամուր բերդ մը ունէր: Բերդի մասին յիշատակութիւն պահած է Յովհաննէս կաթողիկոս, յայտնելով, որ Սմբատ թագաւոր այդ բերդին մէջ ապաստան գտած է:

Արշարունիք անցեալին Երասխաձոր կը կոչուէր: Գաւառը Կամսարականներու տիրոյթ էր:

Ստեփանոս Տարօնացի Ասողիկ Կաղզուանի մասին յիշած է 863-ին: «Պատմութիւն տիեզերական»ին մէջ ան կը գրէ, որ Ջահապ կամ Շահապ, Սեւադայ կայսիկ այլազգի, մօր կողմէ Բագրատունի (Արուսեակ), «ամբոխասաստ զօրու… եկեալ յԱրշարունիս գաւառ, իջանէ յեզր Երասխայ ըստ հարաւոյ կուսէ, ի տեղին որ այժմ ասի քառասունք: Իսկ մանուկն (որդի Աշոտոյ եւ յետոյ Ա. թագաւոր Բագրատունեաց) ելեալ եւ Կաղզուան աւանէ ԽՌ (40,000) արամբք ամենայն հայոց զօրուն, քաջօք եւ մրցողօք` գայ հասանէ ի վերայ նոցա. զբոլոր բանակն ցիր ու ցան վայրացն ընկեցեալ` սրախողխող եւ գետավէժ զամենեսեան առնելով»:

Սելճուքներ 1099-ին անցան Արաքս գետը եւ քալեցին Կաղզուանի վրայ: Գրիգոր կիւրաղապատ բանակով մը անոնց դէմ ելաւ Կաղզուանի առջեւ տարածուող դաշտին մէջ: Երկու բանակները իրարու հանդիպեցան: Հայկական բանակը Գրիգոր կիւրաղապատի գլխաւորութեամբ փառաւոր յաղթանակ մը տարաւ եւ ցրուեց սելճուքեան բանակը: Ճակատամարտի աւարտին Գրիգոր կիւրաղապատ իր զօրքը հաւաքելով Անի կը վերադառնար, երբ ծառի մը ետեւ պահուըտած սելճուք մը նետահար բերնէն վիրաւորեց զայն. Գրիգոր գետին ինկաւ եւ սաստիկ ցաւէն մահացաւ:

Հայ-վրացական միացեալ բանակը Զաքարէ եւ Իվանէ Զաքարեան եղբայրներու հրամանատարութեան տակ իջաւ Շիրակի դաշտ,  անցաւ Արաքսը եւ գրաւեց Կաղզուանը: Զաքարեան եղբայրներու իշխանութեան տակ Կաղզուան բարգաւաճ շրջան մը բոլորեց:

Այնուհետեւ յաջորդաբար Կաղզուանի վրայ տիրապետութիւն հաստատեցին մոնկոլները, թուրքմէնական Քարաքոյունլու եւ Աքքոյունլու ցեղախումբերը, իսկ 1515-ին` օսմանցի թուրքերը:

Անգլիացի վաճառական եւ ճանապարհորդ Ճոն Նիուփըր, Պարսկաստան իր ճամբորդութեան ժամանակ (1572-1582-ին) Թաւրիզէն Թոքաթ ճամբուն վրայ անցած է Կաղզուանէն: Իր ուղեւորութեան մասին ան կը գրէ. «Տասնչորրորդ օրը դեկտեմբեր 14-ին հասանք Տակսուան (Կաղզուան) ամրոցը. քաղաքէն դուրս կար քրիստոնեաներու եկեղեցի մը»:

Կաղզուանի մօտ կը գտնուէր վանք մը, որուն միաբաններէն նշանաւոր էին Կոստանդին եւ Յովհաննէս վարդապետները: Իսկ 1772-1799-ին անուանի դարձաւ Զաքարիա Կաղզուանցի, որ երկար ժամանակ Պոլսոյ պատրիարք եղաւ:

Խրիմի պատերազմին ժամանակ, 1854-ին ռուսեր գրաւեցին Կաղզուանը, բայց 1856-ի Փարիզի դաշնագիրով վերադարձուցին Թուրքիոյ:

Ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմին ժամանակ, 1877-ի աշնան ռուսեր առանց կռուի մտան Կաղզուան, որ այն ժամանակ ութ հազար հայ եւ թուրք բնակչութիւն ունէր: 1878-ի Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրով Կաղզուան անցաւ Ռուսիոյ եւ վարչականօրէն մտաւ Կարսի մարզին մէջ, իբրեւ Կաղզուան գաւառին կեդրոնը:

1913-ի տուեալներով Կաղզուան ունէր 10,181 բնակիչ, որուն 7911-ը` հայ, 2042-ը` թուրք, մնացեալները` քիւրտ, յոյն եւ ռուս: Իսկ Կաղզուան գաւառը քաղաքին հետ միասին ունէր 71,014 բնակիչ, որուն 30,162-ը` հայ, 22,589-ը` քիւրտ, 11,185-ը` յոյն, 4418-ը` թուրք, 410-ը` ռուս եւ այլք: Հայերը կը զբաղէին այգեգործութեամբ, արհեստներով եւ առեւտուրով, ունէին եկեղեցի եւ Թարգմանչաց երկսեռ վարժարանը:

1920 նոյեմբերին, հայ-թրքական պատերազմին ժամանակ Կաղզուան գրաւուեցաւ: Գաւառի հայութեան մէկ մասը ճանապարհին զոհ գնաց ջարդարարներու խուժանին, մնացեալները անցան Հայաստանի Հանրապետութիւն:

ԱՐՏԱՀԱՆ

Արտահան

Արտահան կը գտնուի Գուգարքի համանուն գաւառին մէջ, Կուր գետի ձախ ափին, 1900 մեթր բարձրութեամբ քարուտ տեղի մը վրայ: Բարձունքին, անառիկ ժայռի մը վրայ կը գտնուէր բերդը` քառակուսի ամուր պարիսպներով եւ բարձր աշտարակներով ամրացած: Քաղաքը դալարագեղ անտառներով շրջապատուած է: Աւելի հեռուն տարածուած են ճախճախուտներ եւ ճահճացած մարգագետիններ:

Արտահանի կլիման խստաշունչ է եւ ձմեռը ջերմաստիճանը զերոյէն վար մինչեւ 37 կ՛իջնէ. ձիւնն ու անձրեւները կը շարունակուին մինչեւ մայիսի վերջաւորութիւնը: Գարնան, քաղաքը շրջապատող դաշտերը դալար խոտերով եւ բուրումնաւէտ ծաղիկներով կը ծածկուին, գեղեցիկ տեսարան մը պարզելով: Ամառը չոր է, տաք եւ ջերմաստիճանը մինչեւ 34 կը բարձրանայ: Տարեկան տեղումները` 500-էն 600 միլիմեթր:

Քաղաքը շրջապատող դաշտերուն մէջ կը մշակեն գլխաւորաբար ցորեն, գարի եւ բանջարեղէն, մասամբ նաեւ պտուղներ: Զարգացած է անասնապահութիւնը, գլխաւորաբար` ոչխարաբուծութիւնը: Անուանի է Արտահանի մեղրը, եւ հինէն մնացած աւանդութեան մը համաձայն, ամէն տարի յունիսի սկիզբը մեղրի տօնահանդէս կը կազմակերպուի քաղաքին մէջ: Անուանի է նաեւ Արտահանի դեղին պանիրը:

Արտահան Թ. դարուն Արտանուջի Բագրատունեաց իշխանութեան կազմին մէջ մտաւ: Քաղաքը առեւտրական կարեւոր հանգոյց էր դէպի Սեւ ծովու երկրամասեր երկարող ուղիներուն վրայ: Բիւզանդացիք 1021-ին գրաւեցին եւ աւերեցին Արտահանը եւ կոտորեցին անոր բնակչութիւնը: Մոնկոլներ 1230-ական տարիներուն գրաւեցին զայն: 1266-ին Արատահան վրացական Սամցխէ-Սաաթապակոյի իշխանութեան ենթարկուեցաւ: Օսմանցիք 1555-ին գրաւեցին Սամցխէ-Սաաթապակոն, եւ Արտահան Օսմանեան կայսրութեան կազմէն ներս` Չըլտըրի փաշայութեան միացուեցաւ:

Թուրք ուղեգիր Էվլիա Չելէպի, որ 1640-ական տարիներուն Արտահան եղած է, կը գրէ. «Արտահանի բերդը անառիկ ժայռի մը վրայ է. ունի քառակուսի ձեւ եւ ամրակուռ է: Այս բերդը ցուրտ կլիմայ ունի եւ այդ պատճառով այգիներ ու պարտէզներ չկան: Պտուղները կը ստացուին Աճարա բերդէն եւ Թորթումէն»: Ան կը նշէ նաեւ, որ արտահանցիք կրօնասէր եւ հիւրասէր ու հիւրընկալ մարդիկ են, գլխաւորաբար երկրագործութեամբ կը զբաղին եւ մէկ մասն ալ վաճառականներ են:

Ռուս-թրքական 1828-1829-ի պատերազմէն առաջ Արտահան մօտաւորապէս 400 տուն բնակիչ ունէր, որուն մեծամասնութիւնը հայեր էին: Պատերազմի աւարտին անոնց մեծ մասը Ռուսական կայսրութեան սահմանը անցաւ:

Ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմէն ետք Արտահան Ռուսական կայսրութեան միացուեցաւ եւ Կարսի մարզին մէջ մտաւ իբրեւ առանձին գաւառ:

Ռուսական կայսրութեան կազմէն ներս Արտահան, որ գրեթէ անշքացած էր, վերաբնակեցուեցաւ, շէնցաւ ու ընդարձակուեցաւ: 1897-ի մարդահամարի տուեալներուն համաձայն Արտահան ունէր 136 տուն` 815 բնակիչ, որուն մեծամասնութիւնը հայեր էին, մնացեալները` թուրքեր, ռուսեր, յոյներ եւ հրեաներ: Ի. դարու սկիզբի տուեալներով Արտահանի մէջ կային աղիւսի եւ կաշիի գործարաններ եւ 145 արհեստանոցներ: Հայերը կը զբաղէին գլխաւորաբար արհեստներով, առեւտուրով եւ երկրագործութեամբ: Արտահան կ՛արտահանէր գլխաւորաբար ցորեն, միրգեր, ոչխարի ապխտած միս եւ փայտանիւթ: Կը գործէին Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Գրիգոր եկեղեցիները, որոնց կողքին կային վարժարաններ:

Իբրեւ սահմանամերձ քաղաք, գլխաւորաբար զինուորական եւ ռազմավարական նկատառումներով կառուցուեցան Արտահան-Ախալքալաք, Արտահան-Օլթի եւ Կարս-Արտահան ճանապարհները, ինչպէս նաեւ Արտահանէն դէպի Եազկուլիմեան լեռնանցք տանող եւ Արտահան-Ախալցխա ճանապարհները:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ժամանակ, ռուսական յեղափոխութենէն եւ ռուս զօրքերու հեռացումէն ետք հայ կամաւորները ստանձնեցին Արտահանի պաշտպանութիւնը: 1918 մարտ 3-ին թրքական զօրքեր պաշարեցին քաղաքը եւ կտրեցին Կարսի եւ Օլթիի հետ հաղորդակցութեան գիծերը: Եռօրեայ կռիւներէ ետք, մարտ 6-ին քաղաքին իսլամ բնակչութիւնը իր հակակշիռին տակ առաւ Արտահանը: Հայ բնակչութիւնը խուճապահար բռնեց գաղթի ճամբան: Քանի մը ամիս ետք անգլիական զօրքեր գրաւեցին քաղաքը, որմէ ետք հայկական բանակը մտաւ եւ Արտահանը միացուց Հայաստանի Հանրապետութեան: Հայ-թրքական պատերազմին ժամանակ, 1920 նոյեմբերին թրքական բանակը գրաւեց Արտահանը եւ քաղաքի հայութիւնը կրկին անգամ բռնեց գաղթի ճամբան: Անոնց մեծ մասը անցաւ Հայաստան Հանրապետութիւն, մնացեալներն ալ Վրաստան ապաստանեցան:

ՍԱՐԸՂԱՄԻՇ

Սարըղամիշ

Սարըղամիշ կը գտնուի Մեծրաց լեռներու հարաւային ստորոտին, Կարս գետի վերին հոսանքի` Եղէգնուտի աջ ափին, շոճիի անտառներով շրջապատուած լեռներու հովիտի մը մէջ: Շրջակայ լեռներն են` Ալատաղ` 3138 մեթր բարձրութեամբ, Պալըքլը` 2835 մեթր, Չըփլաքտաղ` 2634 մեթր, Սողանլը` 2849 մեթր եւ Քէօսէտաղ` 2599 մեթր: Քաղաքին անմիջական շրջակայքը առատ եղէգնուտներ կան եւ հաւանաբար անցեալին անիկա Եղէգնուտ կոչուած է, որմէ յառաջացած է թրքերէն Սարըղամիշ (դեղին եղէգ) անուանումը:

Սարըղամիշ բաղկացած է Վերին եւ Ստորին թաղերէ, որոնք անցեալին իրարու կից գիւղեր էին: Ռուսական տիրապետութեան ժամանակ կառուցուած զօրանոցը կը շրջապատէ քաղաքը եւ ներկայիս կ՛օգտագործուի թրքական բանակին կողմէ: Պահպանուած պատմական կառոյցներէն յիշենք ռուսական եկեղեցին, ծանօթ` Եանըք քիլիսէ անունով, որ ժամանակ մը շարժապատկերի սրահի վերածուեցաւ եւ ներկայիս կ՛օգտագործուի իբրեւ մզկիթ: Քաղաքէն քիչ մը հեռու, անտառներու բարձունքին կը գտնուի Ռուսիոյ Նիկոլայ Բ. ցարին այցելութեան առիթով կառուցուած որսորդական տունը:

Սարըղամիշի հովիտը բարեբեր է, իսկ շրջակայ բարձունքները խոտառատ արօտավայրերով ծածկուած են: Զարգացած է երկրագործութիւնը եւ անասնապահութիւնը:

Սարըղամիշի ձմեռը խստաշունչ է, երկարատեւ եւ ամբողջ շրջանը երկուքէն երեք մեթր ձիւնի թանձր սաւանով կը ծածկուի: Գարունը եւ աշունը սքանչելի են, զով եւ անձրեւային, ամառը` կարճ եւ չոր:

Վերին Սարըղամիշը հաւանաբար Արգիշտի Ա. թագաւորի սեպաձեւ արձանագրութեան մէջ յիշատակուող Ախուրեան բնակավայրն է: Քաղաքամասի բարձունքին կը գտնուին ուրարտական ամրոցի մը մնացորդները: Իսկ Ստորին Սարըղամիշ հաւանաբար ուրարտական Աշտուխինի բնակավայրը եղած է: Ուրարտական ամրոցներու մնացորդներ պահպանուած են մօտակայ Չաթաք եւ Ետիքիլիսէ գիւղերուն մէջ: Դէպի արեւելք եւ հարաւ, Սողանլըի անտառներուն մէջ պահպանուած են հայկական վանքերու աւերակներ:

Սելճուքներ Ալփասլանի գլխաւորութեամբ 1064-ին գրաւեցին Սարըղամիշը եւ Սողանլըի լեռները: Սուլթան Սիւլէյման 1534-ին շրջանը կցեց Օսմանեան կայսրութեան:

Սարըղամիշի ճակատամարտը. 1914 դեկտեմբեր

Ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմին ժամանակ ռուսական զօրքերը եւ հայ կամաւորական ջոկատները զօրավար Միխայիլ Լոռիս Մելիքովի հրամանատարութեան տակ, 1877 յունիսին ազատագրեցին Սարըղամիշը:

Ռուսական կայսրութեան կազմէն ներս Ստորին Սարըղամիշ բարեկարգ բնակավայր դարձաւ եւ ռուսական զօրակայանի վերածուեցաւ: Հոն բնակութիւն հաստատեցին մոլոկան եւ տուխոպոր աղանդի ռուսեր: Քաղաքի ռուսական կայազօրը բաղկացած էր երկու գումարտակներէ: Կարս-Սարըղամիշ երկաթուղագիծին կառուցումը աւարտեցաւ 1913-ին:

Սարըղամիշի հայերը կը զբաղէին երկրագործութեամբ, անասնապահութեամբ, առեւտուրով եւ արհեստներով: Եկամուտի կարեւոր աղբիւր էր Մեծրաց լեռներու հարուստ ու ընտիր անտառանիւթի մշակումն ու վաճառքը:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ժամանակ, 1914 դեկտեմբերին օսմանեան բանակը Էնվէր փաշայի հրամանատարութեան տակ յարձակման անցաւ Կովկասեան ճակատին վրայ: Սարըղամիշի ռուսական զօրքերը ջախջախուեցան: Զօրավար Վորոնցով որոշեց նահանջել եւ ռուսական զօրքը հեռացնել Կարսէն, բայց զօրավար Նիկոլայ Եուտենիչ ընդդիմացաւ եւ կատաղի դիմադրութիւն կազմակերպեց: Ահաւոր ձմրան պայմաններուն տակ օսմանեան 90 հազարնոց բանակը հիմնովին ջախջախուեցաւ եւ շուրջ 75 հազար զոհ տուաւ:

Բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն եւ ռուսական բանակի հեռացումէն ետք, 1918 յունուարին բոլշեւիկներ Սարըղամիշի ռազմայեղափոխական կոմիտէն կազմեցին, որ գործեց մինչեւ մարտի վերջաւորութիւնը: Ապրիլ 5-ին թուրքեր մտան Սարըղամիշ: Քաղաքի եւ շրջակայքի հայութեան մէկ մասը կոտորուեցաւ, իսկ մնացեալները անցան Արեւելեան Հայաստան: 1919-ի ապրիլին թրքական զօրքերը քաշուեցան, եւ Սարըղամիշ միացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան: 1920 սեպտեմբեր 29-ին Քազիմ Քարապեքիրի զօրքերը գրաւեցին Սարըղամիշը:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

Յաջորդը

ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.