Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով, Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ եւ Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարեցին ժողով մը, որուն ընթացքին Լաւրով յայտնեց, որ սուրիական հողերը հարուածելու ամերիկեան սպառնալիքները անընդունելի են` վերահաստատելով Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը` նշելով միաժամանակ, որ սուրիացի ժողովուրդը Սոչիի մէջ Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովի ընթացքին ատիկա հաստատեց:
Ան ըսաւ, որ «Ասթանայի հոլովոյթը» փաստեց իր կարեւորութիւնը եւ կը նպաստէ Սուրիոյ տագնապի լուծման` աւելցնելով, որ ժողովին մասնակիցները համաձայնած են շարունակել ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ տագնապի քաղաքական լուծման մէջ Սուրիոյ աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլորին կոչ ուղղեց` ատոր յանձնառու մնալու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, թէ ան որ միջազգային օրէնքները, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումը կը խախտէ, Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը սպառնալիքի ենթարկող ծրագիրներ որդեգրած կ՛ըլլայ` աւելցնելով. «Ան որ կ՛ուզէ Սուրիան էմիրութիւններու բաժնել, Ասթանայի բանակցութիւններուն համաձայն պիտի չըլլայ»:
Լաւրով ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին կոչ ուղղեց «ահաբեկիչները պաշտպանելէ դադրելու» եւ հաստատ կերպով պայքարելու ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ, ներառեալ Ժապհաթ Նուսրան:
Զարիֆ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ բանակին արձանագրած յաղթանակները նպաստած են Ասթանայի հոլովոյթի յառաջ մղումին` նշելով, որ Սոչիի մէջ միջսուրիական ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց, «որովհետեւ Սուրիոյ ապագան կը գծէ սուրիական ձեռքերով»:
Ան յայտնեց, որ Ասթանայի ժողովները մէկ տարուան ընթացքին յաջողեցան լաւ բաներ տրամադրել սուրիացի ժողովուրդին` շեշտելով, որ այդ ժողովները պէտք է շարունակել մինչեւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան վերջ գտնելը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Արեւելեան Ղութայի կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի աղէտ, եւ այդտեղի բախումները պէտք է վերջ գտնեն:
«Սոչիի յաւելեալ բանակցութիւններ կ՛ուզենք, եւ ինչպէս գործընկերներս ըսին, Սոչիի վեհաժողովը պիտի շարունակուի Պոլսոյ մէջ, ապա Իրանի», ըսաւ ան:
Երեք երկիրներու դիւանագիտութեան պետերու ժողովէն ետք հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Սուրիոյ հարցով Ասթանայի բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենայ մայիսի կիսուն:



