«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն, երէկ գիշեր Արսենալ երթին նման յաղթանակ մը արձանագրելով Ա. Սէ. Միլանի դէմ, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Արսենալ, որ երթին Իտալիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկուան մրցումին արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Տենի Ուելպեք տուպլէ մը իրագործեց:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Արսենալի հիմնական կազմին հետ դաշտ ներկայացած էր, փոխարինուեցաւ 69-րդ վայրկեանին:



