Բաւական հետաքրքրական եւ տաք մրցումէ մը ետք աւարտեցաւ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին կազմակերպած դպրոցական պասքեթպոլի մրցաշարքը, երբ աւարտականին Շանվիլ 69-61 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սաժես Հայ Սքուլին դէմ, Լուէյզիի ակումբին մէջ (Զուք Մոսպեհ):
Այս մրցաշարքը կազմակերպեց եւ մրցումներուն դասաւորումները կատարեց «Սփորթց-Մանիա» ընկերութիւնը:

Մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին տիրացաւ Սիմոն Տըրղամ (Շանվիլ), լաւագոյն մարզական ոգիի տիտղոսին` Լուէյզի, լաւագոյն խմբապետը նկատուեցաւ Միշել Թապեթ (Սաժես Հայ Սքուլ), լաւագոյն թրի փոյնթ նշանակողը` Ճիորճիօ Մուպարաք (Սեն Ժոզեֆ Քըրնեթ Շեհուան), լաւագոյն մարզիչը` Թոնի Քարա (Շանվիլ) եւ այլն:
Պէտք է նշել, որ մրցաշարքը աւարտեցաւ բաւական մեծ յաջողութեամբ եւ բոլորին մօտ ալ ստեղծուեցաւ դրական մթնոլորտ մը` կազմակերպչական իմաստով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:



