Իտալական «Սերի-Բ.»-ի մէջ հանդէս եկող Ասքոլիի ֆութպոլի համակիրները խոշտանգեցին իրենց խումբին բերդապահը` Վինչենցօ Վենտիթին եւ միջնապահ Սամուէլէ Փարլաթին, յայտնեց իտալական մամուլը:
Մինչ ֆութպոլիստները տուն կը վերադառնային Վենեցիայէն իրենց կրած պարտութենէն ետք (1-0), շուրջ տասը համակիրներ նախ խոշտանգած են վերոնշեալ ֆութպոլիստները, ապա պահանջած քանի մը սպառնալիք փոխանցել իրենց խմբակիցներուն:
Հետաքրքրականը այն է, կը յայտնէ «Ֆութպոլ Իթալիա», որ Փարլաթթի այս տարեշրջանին մասնակցած է միայն մէկ մրցումի, մինչ Վենտիթի, որ խումբին պահեստի բերդապահն է, ընդհանրապէս դաշտ չի ներկայանար:
«Սերի Բ.»-ի 30-րդ հանգրուանէն ետք, Ասքոլի 26 կէտով կը գրաւէ վերջին դիրքը:



